«ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՏԱԳՆԱՊԸ ՄԵՐ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՑԱՒՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ԱՊՀ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ

Սերկէյ Լեպետեւ

ԱՊՀ-ի ընդհանուր քարտուղար Սերկէյ Լեպետեւ «Ռուսիոյ ձայն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ ԱՊՀ-ի բոլոր երկիրները, կարելիութեան սահմանին մէջ, կը փորձեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման օգնել:

«Ատիկա մեր ընդհանուր ցաւն է: ԱՊՀ-ի երկիրները, կարելիութեան սահմաններուն մէջ, կը փորձեն օգնել. օրինակ` Ռուսիան ատիկա կ՛ընէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի կազմին մէջ իր անմիջական մասնակցութեամբ, միւսներն ալ` Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարութեան, քաղաքական գործիչներուն հետ հանդիպումներուն միջոցով», նշած է ան:

Լեպետեւ աւելցուցած է, որ «մենք շատ մեծ յոյս ունինք, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը պիտի լուծուի, որովհետեւ պատերազմական իրադրութիւնը, երկու դրացի պետութիւններուն միջեւ դիմակայութիւնը անբնական է: Բոլորը ատիկա կը հասկնան, եւ պիտի ուզէի, որ երկու պետութիւնները եւ ժողովուրդները խաղաղութեան մէջ ապրին»:

Share this Article
CATEGORIES