«ՌՈՒՍԻԱ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԻ ԱՐԴԱՐԱՑԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ԻՐՄԷ ԿԱԽԵԱԼ ԱՄԷՆ ԲԱՆ Կ՛ԸՆԷ» Կ՛ԸՍԷ ՏՈՐՈԽԻՆ

Վլատիմիր Տորոխին

Ազրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Վլատիմիր Տորոխին ըսած է, որ Ռուսիա` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիր, իրմէ կախեալ ամէն ինչ կ՛ընէ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի արդարացի լուծումին օգնելու համար:

«Մենք մաքուր խղճով կ՛ըսենք, որ իբրեւ միջնորդ, Ռուսիան իրմէ կախեալ ամէն բան կ՛ընէ` տագնապի արդարացի լուծումին օգնելու համար: Միջնորդներու ներկայացուցած առաջարկներուն մէջ կան շատ բաներ, որոնց մասին տակաւին կարելի է մտածել եւ խօսիլ: Այդ մասին վերջերս խօսեցաւ նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը` ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու նիստին ժամանակ: Միւս կողմէ, ի հարկէ, ժամանակը կանգ չ՛առներ, եւ խօսիլ այն մասին, թէ այլեւս որեւէ բան ընել կարելի չէ, ի հարկէ պէտք չէ», նշած է Ռուսիոյ դեսպանը:

Ռուս դիւանագէտը աւելցուցած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի գործունէութեան առնչութեամբ երբեմն արտայայտուող դժգոհութիւնը համանախագահող երկիրներուն համար խթան է` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղուած ջանքերը շարունակելու եւ աշխուժացնելու համար:

Share this Article
CATEGORIES