ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐ. ՊԻՉ-ՎՈԼԻՊՈԼ. ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՍԿՍԻՆ 1/16-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ

Երէկ, Քաթարի մէջ տեղի ունեցող Արաբական խաղերու Պիչ-վոլիպոլի մրցումներուն, Լիբանանի տղոց խումբը, որուն մաս կը կազմեն Էլիաս Ապի Շատիտ եւ Նատեր Ֆարես, Ա. հանգրուանին գծով իրենց կատարած վերջին մրցումին 2-1 արդիւնքով յաղթեցին Պաղեստինի:

Այս մրցումը երկու խումբերուն համար ալ կը նկատուէր կարեւոր, որովհետեւ յաղթանակի մը պարագային անոնցմէ մէկը պիտի գրաւէր Ա. խմբակին պարագլուխի դիրքը: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Լիբանան բնականաբար գրաւեց պարագլուխի դիրքը: Մնացեալ հինգ դիրքերը յաջորդաբար գրաւեցին Օման, Պաղեստին, Եգիպտոս, Ալճերիա եւ Սուտան:

Այսօր` հինգշաբթի, 15 դեկտեմբերին կը սկսին 1/16-րդ հանգրուանի մրցումները: Յաղթանակ արձանագրող խումբերը քառորդ աւարտականի մրցումները եւս պիտի կատարեն այսօր, մինչ պարտուողները բնականաբար դուրս կը մնան մրցաշարքէն:

Քաթարի մէջ գտնուող Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի անդամները` Ասաատ Նախըլ (փոխնախագահ) եւ Ուալիտ Քասուֆ (ընդհանուր քարտուղար), իրենց գոհունակութիւնը արտայայտեցին արձանագրուած այդ արդիւնքներուն համար` աւելցնելով, որ այդ երկու մարզիկները իրենց այդ յաղթական ընթացքը շարունակելով անպայման մետալի կը տիրանան:

Share this Article
CATEGORIES