ԿԱՂԱՆԴԻ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ. ՓԱՐԻԶ Կ՛ԱՐԳԻԼԷ ՄՈՒՐԱՑԻԿՆԵՐՈՒՆ ՄՈՒՏՔԸ ԻՐ ԳԼԽԱՒՈՐ ՇՈՒԿԱՆԵՐԸ

Շան զ՛Էլիզէ Փարիզի մէջ զբօսաշրջիկներու քով ժողովրդականութիւն վայելող այն երեք վայրերէն է, որ արգիլեալ գօտի հռչակուած է մուրացկաններու համար:

ՏՕՆԱԿԱՆ ՕՐԵՐՈՒ ԱՌԻԹՈՎ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԵՆ ԱՐԳԻԼԵԱԼ ԳՕՏԻՆԵՐ` ՊԱՏՃԱՌԱԲԱՆԵԼՈՎ, ԹԷ ԿԸ ՓՈՐՁԵՆ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐԸ ԶԻՐԵՆՔ ՆԵՂՈՂ «ՊԱՏԱՆԻ ՅԱՆՑԱԳՈՐԾՆԵՐԷՆ», ՈՐՈՆՔ ԿԸ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԻՆ ՈՃՐԱՅԻՆ ԱՒԱԶԱԿԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ: «ՏԸ ԿԱՐՏԻԸՆ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՓՈՂՈՑՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՈՃՐԱՅԻՆ ԱՐԱՐՔՆԵՐԸ Կ՛ԱՆԽԱՐԳԻԼԵԼՈՒ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐՔՈԶԻԻ ՇՂԹԱՅԱԶԵՐԾԱԾ ՊԱՅՔԱՐԸ ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ ԿԸ ՆԿԱՏՈՒԻ ԱՂՔԱՏՆԵՐՈՒ ԵՒ ՑԵՂԱՅԻՆ ՅԱՏՈՒԿ ԽՄԲԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ԽՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՔ ՄԸ, ԶՈՐ ԱՆ Ի ԳՈՐԾ ԿԸ ԴՆԷ` ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՀԱՇԻՒՆԵՐՈՎ:

Փարիզի փարթամ  վաճառատուներուն շողշողուն ցուցափեղկերը յաճախ կը հակադրուին անոնց մօտ դողահար կանգնած եւ դահեկան մը մուրացող պատանիներուն, որոնք կծկուած կը սպասեն խաւաքարտի մը վրայ «անօթի» գրուած նշանին ետին:

Մինչ Ֆրանսայի տնտեսութիւնը կը դիմագրաւէ տագնապ մը եւ տնտեսական այլ անկում մը դամոկլեան սուրի նման կախուած է երկրին վերեւ, անդին` Փարիզի մէջ թշուառ եւ անպատսպար բնակիչներ որեւէ ժամանակէ աւելի ներկայ են վաճառատուներու եւ գետնուղիներու մուտքին:

Անոնց վիճակը բարելաւելու համար պայքարողներ կը պահանջեն լուծել երկրին բնակարանային տագնապը: Փոխարէնը` նախագահ Նիքոլա Սարքոզի շղթայազերծած է պատերազմ մը մուրացիկներու դէմ` հակադրուելով Փարիզի ժողովրդականութիւն վայելող քաղաքապետին կեցուածքին:

Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար եւ երկար ժամանակէ ի վեր անոր աջ բազուկը նկատուող Քլոտ Կէան հրապարակած է շարք մը օրէնքներ` արգիլելով մուրալը Փարիզի ամէնէն աւելի ժողովրդականութիւն վայելող Ս. Ծննդեան շուկաներուն եւ զբօսաշրջութեան վայրերուն մէջ: Ան կը յայտարարէ, թէ մուրացիկները ձերբակալելն ու անոնց դէմ տուգանք սահմանելը անհրաժեշտ միջոցառումներ են` պաշտպանելու համար օտար զբօսաշրջիկները զիրենք նեղող «պատանի յանցագործներէն», որոնք կը ղեկավարուին աւազակախումբերու կողմէ:

Շան զ՛Էլիզէն առաջինն էր Կէանի նշած ցանկին մէջ, ուր մուրալը արգիլուեցաւ սեպտեմբերէն մինչեւ յունուար, սակայն այս ժամանակամիջոցը շուտով երկրարաձգուեցաւ մինչեւ ամառ: Այժմ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով հռչակուած են յաւելեալ երկու արգիլեալ գօտիներ. մէկը` Կալերի Լաֆայէթի եւ Փրենթանի շուկայի վաճառատուներուն շուրջ, իսկ միւսը` Լուվրի եւ Թուիրիի պարտէզներուն:

Քննադատներ այս քայլը կ՛որակեն նորագոյն հանգրուանը Նիքոլա Սարքոզիի մղած պայքարին` գնչուներու եւ թափառաշրջիկներու դէմ: Կէան կը հաստատէ, թէ մուրալու դէմ սահմանուած օրէնքները մաս կը կազմեն «անխնայ պայքարի մը»` «գնչուներու ոճրագործութեան դէմ»:

Կէանի համաձայն, գնչուները կը կազմեն Փարիզի դատական ատեաններուն կողմէ հետապնդուող յանցագործներուն վեցէն մէկը: Իսկ ձերբակալուած գնչուներուն կէսը անչափահասներ են: Մուրալու դէմ քաղաքականութեան նպատակն է վերջ դնել խաբէութեան վրայ հիմնուած աղերսներով դրամ հաւաքելու սովորութեան, զոր կը կիրարկեն գնչու աղջիկներ եւ պատանիներ:

Կէան պայմանագրութիւններ կնքած է 33 գնչու ոստիկաններու հետ, որպէսզի անոնց միջոցով ձերբակալէ Շան զ՛Էլիզէի շուրջ թափառող մուրացիկները: Ան կ՛ըսէ, թէ երեք ամսուան ընթացքին Շան զ՛Էլիզէի շուրջ արձանագրուած ապօրինի արարքներէն 300-ը ի գործ դրուած են ծագումով ռումանացի գնչուներու կողմէ, եւ կ՛աւելցնէ, թէ կազմակերպուած ոճիրներու ցանցերը «ամէնէն աւելի վայրագն են»:

Սակայն Փարիզի ընկերվարական քաղաքապետը` Պերթրան Տելանօ, որ նաեւ Ֆրանսայի մէջ ամէնէն աւելի ժողովրդականութիւն վայելող քաղաքական դէմքն է, այս քայլը կը կոչէ «հանրային յարաբերութիւններու աժան եւ ուշադրութիւն գրաւող արարք մը», որուն նպատակն է միայն «խարանել բնակչութեան մէկ մասը»: «Աղքատութեան դէմ ճնշումով եւ տուգանքներով պայքարիլը ցնցիչ է այնպիսի ժամանակներու, երբ պետութիւնը չի կատարեր իր պարտաւորութիւնները` բնակարանային կարելիութիւններ ստեղծելով անչափահասներուն համար կամ անմիջական պատսպարան ապահովելով անոնց», կ՛ըսէ Տելանօ:

Տելանօ կ՛աւելցնէ, թէ Կէան թիրախ ընտրած է Փարիզի ամէնէն շքեղ շրջանները` անտեսելով այլ թաղամասերու մէջ տիրող հարցերը:

Մինչ չորս ամիսէն կը սկսին Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւնները, անդին` Նիքոլա Սարքոզիի կուսակցութիւնը նախապատուութիւն կու տայ ապահովութեան եւ ոճիրներու դէմ պայքարին` փորձելով սիրաշահիլ քուէարկողները, որոնք այժմ մեծ մասամբ սկսած են հակիլ դէպի Մարի լը Փենի քաղաքական ծայրայեղ աջ թեւի Ազգային ճակատ կուսակցութիւնը:

Անցեալ տարի Նիքոլա Սարքոզի միջազգային ընդվզում յառաջացուց, երբ գաղթականութիւնը առնչեց ոճրային արարքներու բազմացումին հետ եւ խոստացաւ գնչու գաղթականները վտարել երկրէն, ինչպէս նաեւ` քանդել անոնց ապօրինի բանակավայրերը: Ֆրանսայի մէջ գնչուներու թիւը չէ նուազած անոնց բանակավայրերուն քանդումէն ի վեր, սակայն ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ կ՛ահազանգեն, թէ այժմ անոնք կ՛ապրին շատ աւելի թշուառ պայմաններու մէջ, իրենց դէմ վախի եւ հալածանքի մթնոլորտի մը մէջ:

Մուրալու դէմ օրէնքները երկար ժամանակէ ի վեր տարակարծութեան նիւթ են Ֆրանսայի տարածքին: 2005-ին Փարիզէն դուրս քաղաքապետ մը քննադատութեան թիրախ դարձաւ, երբ ամրան ամիսներուն արգիլեց փողոցներուն մէջ անպատսպար մուրացիկներու գոյութիւնը` պատճառաբանելով, թէ անոնք «գարշահոտ» էին: Նախապէս մուրալու դէմ ժամանակաւոր արգելքներ սահմանուած են Մարսէյի եւ Պոլոնի մէջ: Նման արգելքներու դէմ մարտահրաւէրներ ուղղուած են մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւններու կողմէ` դատական ատեաններու ճամբով:

Կէան վերջերս արժանացաւ «Լը Փենի խօսնակ» որակումին` քաղաքական ձախ թեւի Լիպերասիոն կուսակցութեան կողմէ: Ան նաեւ սուր կերպով կը քննադատուի դէպի Ֆրանսա ապօրինի գաղթը կասեցնելու եւ Ֆրանսայի մէջ իրենց ուսումը աւարտելէ ետք ոչ եւրոպացի շրջանաւարտներու կեցութեան իրաւունքները սահմանափակելու իր նորագոյն խոստումներուն պատճառով:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES