ԿԱՂԱՆԴԻ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ. ՆՈՒԷՐՆԵՐՈՒ ՄՂՁԱՒԱՆՋԸ

ԾՆՈՂՆԵՐ ԿԸ ՍՏԵՂԾԵՆ «ՀԻՄԱ Կ՛ՈՒԶԵՄ» ԸՍՈՂ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄԸ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ՉԵՆ ԳԻՏԵՐ, ԹԷ ԻՆՉՊԷՍ ԿԱՐԵԼԻ Է «Ո՛Չ» ԸՍԵԼ ԱՆՈՆՑ ԿԱՂԱՆԴԻ ՆՈՒԷՐՆԵՐՈՒ ՊԱՀԱՆՋԻՆ: «ՏԷՅԼԻ ՄԷՅԼ» Կ՛ԱՐՁԱԳԱՆԳԷ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԱՀԱԶԱՆԳԻՆ ԵՒ ՑՈՒՑՄՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ:

Ի տարբերութիւն հագուստի Ճոն Լուիս վաճառատուներու ցանցին ժողովրդականութիւն վայելող ծանուցումին մէջ պատկերուած առատաձեռն մանչուկին` Բրիտանիոյ մէջ մանուկներ հետզհետէ աւելի անձնակեդրոն կը դառնան, ինչպէս կ՛ըսեն կրթութեան եւ վարուելակերպի հարցերու վերլուծաբաններ:

Սպառողական շուկային տրամաբանութիւնը լաւապէս հասկցած մանուկներ սկսած են իրենց ծնողները մղել մեծ պարտքեր կուտակելու, եւ հաւանականութիւնը մեծ է, որ անոնք ապագային դառնան շփացած եւ չբաւարարուած անձեր:

Վարուելակերպի հարցերու խորհրդատու Քրիս Քոլընտ կ՛ըսէ. «Ծնողներ ամէն ճիգ կը թափեն, որպէսզի Կաղանդը կախարդական հեքիաթի վերածեն իրենց զաւակներուն համար:

«Ասիկա ինքնին սխալ չէ: Սակայն հարցը կը ծագի, երբ ասիկա կը նշանակէ տեղի տալ մեր զաւակներուն բոլոր պահանջներուն առջեւ, նոյնիսկ երբ ատոնք իրականացնելը մեր պիւտճէէն վեր է կամ յարմար չեն անոնց տարիքին»:

Քոլընտ, որ իր պաշտօնակից ՆիքիՀաչինսընի հետ կը ղեկավարէ «Սանթա սէյզ նօ» (Կաղանդ պապան ոչ կ՛ըսէ) վերնագիրով խորհրդատուական նիստեր, կ՛աւելցնէ. «Մեզմէ շատեր այնպիսի պարտքեր կը կուտակեն իրենց զաւակներուն պահանջած նուէրները գնելու համար, որ տարուան մնացեալ օրերը կ՛անցընենք զանոնք վճարելու դրամ գոյացնելով»:

«Այսուհանդերձ, այն վայրկեանին, որ բծախնդրօրէն ծրարուած մեր նուէրները կը բացուին, անոնք մէկ կողմ կը նետուին, որովհետեւ այն բանը, որուն բուռն կերպով կը տենչար մեր մանչուկը կամ աղջնակը, այժմ այլեւս կը դադրի հետաքրքրական ըլլալէ», կ՛ըսէ ան:

Քոլընտ եւ Հաչինսըն պատրաստած են խորհուրդներու ցուցակ մը` օգնելու համար ծնողներուն, որ դասաւորեն իրենց զաւակներուն Կաղանդ պապայէն ապսպրած նուէրներուն ցանկը:

Անոնք կ՛ըսեն, թէ չափահասներ իրականութեան մէջ կրնան բարելաւել իրենց յարաբերութիւնը իրենց զաւակներուն հետ` դիմադրելով տեւական նեղելով նպատակի մը հասնելու անոնց ճիգին:

«Շատ յաճախ տեղի կու տանք, որովհետեւ կը փափաքինք աւելի դիւրասահ կեանք մը, երբ իրականութեան մէջ այս ձեւով միայն հարցեր կը ստեղծենք ապագայի հաշուոյն», կ՛ըսէ Քոլընտ:

«Այս ձեւով կը ստեղծենք մանուկներու սերունդ մը, որ կոյր է այլոց կարիքներուն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ` ծանր աշխատանքի անհրաժեշտութեան: Անոնց կը շնորհենք իրաւասութեան զգացողութիւն մը, որ չի նպաստեր անոնց ապագային»:

«Մանուկներ արագ կը նկատեն: Եթէ յանկարծ փոխենք մեր միտքը, անոնք անմիջապէս կ՛անդրադառնան եւ գետին կը փռուին` ճչալով եւ պահանջելով իրենց ուզածը:

«Պէտք է ծնողներ միասնաբար դիմագրաւեն այս հարցը: Հարկ է յարատեւ կեցուածք որդեգրել եւ թոյլ չտալ, որ մրցակցութեան մթնոլորտ մը ստեղծուի ընտանիքի այլ անդամներու հետ կամ` բարեկամներու: Քանի՛ անգամ տեղի տուած ենք, որովհետեւ կը լսենք` «ընկերս հատ մը նուէր պիտի ստանայ Կաղանդի առիթով, ինչո՞ւ ես ալ չեմ կրնար ստանալ» վիճարկութիւնը»:

«Փոխանակ մրցելու` ծնողներ կրնային ուժ տալ իրարու` խօսելով նուէրներ տալու հարցին մասին», կ՛աւելցնէ Քոլընտ:

«Նաեւ պէտք է օրինակ դառնանք իբրեւ ծնողներ: Մենք եւս յանցաւոր ենք ամէն ինչ ուզելու եւ ամէն ինչ հիմա՛ ուզելու մարմաջով: Մե՛նք ալ չենք գիտեր սպասել»:

Այս զգուշացումը կը յաջորդէ քանի մը ամիս առաջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի կողմէ հրապարակուած այն վիճակագրութեան, որուն համաձայն,  բրիտանացի ծնողներ թակարդուած են սպառողականութեան վատառողջ համակարգի մը մէջ:

Վիճակագրութեան համաձայն, մինչ Սպանիոյ եւ Շուէտի մէջ մանուկներու ուրախութեան չափանիշը կ՛առնչուէր ընտանիքի անդամներու եւ բարեկամներու հետ ժամանակ անցընելու եւ տունէն դուրս ժամանցի բազմաթիւ պահերու հետ, անդին` բրիտանացի մանուկներ, որոնց գլխուն կը տեղան նիւթեղէն արժէք ներկայացնող բաներ, կը ներկայանային իբրեւ ճարտարարուեստականացած աշխարհին ամէնէն տխուր մանուկները:

«Բազմաթիւ ծնողներ յանցաւոր կը զգան, որ բաւարար ժամանակ չեն տրամադրեր իրենց զաւակներուն եւ կը փորձեն փոխարէնը նուէրներ գնել անոնց համար»: Մանուկներ կը նկատեն այս երեւոյթը եւ, իրօք, ասիկա  կրնայ աւերիչ ներգործութիւն ունենալ ծնողք – զաւակ յարաբերութեան վրայ», կ՛ըսէ Հաչինսըն:

«Հետաքրքրական է, որ մանուկներ իրե՛նք կ՛ըսեն, թէ չեն սիրեր շփացած մանուկները, եւ թէ` ծնողներ պէտք չէ տեղի տան եւ գոհացնեն անոնց իւրաքանչիւր պահանջը»:

«Երբ մանուկներ իրենք զիրենք կ՛արժեւորեն իրենց ունեցած նիւթեղէն իրերով եւ ոչ` իրենց ինքնութեամբ, ասիկա կրնայ պատճառ դառնալ, որ կորսնցնեն իրենց նկարագիրը եւ ինքնարժեւորումի զգացումը», կ՛աւելցնէ ան:

«Մանուկներ տարին աւելի քան 40 հազար ծանուցումներ կը տեսնեն միայն պատկերասփիւռէն: Գումարը միջին հաշուով 3000 է` բոլոր լրատուամիջոցները նկատի առած»:

«Ծանուցողներ թիրախ կը դարձնեն հետզհետէ աւելի փոքր մանուկներ, իսկ 8 տարեկանէն վար մանուկներ իմացական կարողութեամբ անպաշտպան են` ծանուցումներու դէմ», կը բացատրէ Հաչինսըն:

«Շուէտի մէջ մանուկներուն նպատակաուղղուած ծանուցումները արգիլուեցան 1991-ին, սակայն մենք մեր զաւակներուն կը շնորհենք շատ աւելի ինքնիշխան ուժ եւ որոշում կայացնելու ազատութիւն` ընտանիքէն ներս, հետեւաբար ծանուցումները դուռ կը բանան մեծ վաճառքի»:

«Այս օրերուն մանուկներ այնքա՛ն շատ ենթակայ են ծանուցումներու տարափին, որ աշնան սկիզբէն կը սկսին խօսել Կաղանդին իրենց ակնկալած նուէրներուն մասին»:

«Կացութիւնը կը վատթարանայ, երբ տօնական օրերը կը սկսին մօտենալ: Հարկ է պահ մը կանգ առնել եւ մտածել, թէ ի՛նչ կ՛ընենք: Կախարդական յուշերը նիւթեղէն բաներով չեն ստեղծուիր», կ՛եզրակացնէ Հաչինսըն:

 

ԽՏԱՑՆԵԼ ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱՅԻ
ՆՈՒԷՐՆԵՐՈՒ ՑԱՆԿԸ

(ՏԱՍԸ ՄԻՋՈՑՆԵՐ)

Տեւական նեղելով նպատակի մը հասնելու ուժը. մասնագէտներ կ՛ըսեն, թէ այն մանուկները, որոնք տօնական օրերուն կը ստանան իրենց պահանջած բոլոր նուէրները, կը դառնան ծոյլ եւ անձնակեդրոն` ի վերջոյ իրենց ընտանիքները խրելով պարտքերու մէջ:

Սահմանել պիւտճէ մը եւ կառչիլ անոր:

Մտածել, թէ արդեօք մեր զաւկին պահանջած նուէրը յարմա՞ր է անոր տարիքին:

Համաձայն գտնուիլ, թէ անոնք կրնան իրենց գրած ցանկէն ունենալ երկու կամ երեք նուէր:

Երբ պատկերասփիւռի ծանուցումները սկսին,  մեր զաւակներուն հետ խօսիլ ծանուցումի ճարտարարուեստին մասին, օգնել անոնց, որ զանոնք դիտեն քննադատի աչքով:

Գտնել ձեւը շեղելու մեր շատ փոքրիկ զաւակներուն ուշադրութիւնը եւ բանակցելու` պատանի հասակի զաւակներուն հետ:

Կեդրոնանալ` մեր ժամանակը եւ զբաղումները մեր զաւակներուն յատկացնելու վրայ:

Անշեղ կեցուածք որդեգրել մեր զաւկին հոգատարներուն հետ:

Թոյլ չտալ, որ մեր զաւակները արժանանան նուէրի մը` իրարու դէմ կռուելով եւ մեզ խաբելով:

Հարցը բաժնել այլ ծնողներու հետ, խօսիլ այս մասին, իրարու օգնել` զիրար զօրացնելով:

Օգնել մեր զաւակներուն, որ նուէրներ ընտրեն եւ գնեն ուրիշներուն համար:

 

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ  – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES