ԺԱՔ ՇԻՐԱՔ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԵՑԱՒ

Ժաք Շիրաք

Փարիզի դատարանը Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ժաք Շիրաքը մեղաւոր ճանչցաւ պիւտճէական միջոցները յափշտակելու եւ ծառայողական լիազօրութիւնները շրջանցելու համար:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Շիրաք մեղաւոր ճանչցուած է 1992-1995-ին Փարիզի քաղաքապետի պաշտօնին վրայ գտնուած տարիներուն քաղաքապետարանին մէջ կեղծ աշխատատեղեր ստեղծելու համար եւ երկու տարուան պայմանական ազատազրկման դատապարտուած է:

Քննչական մարմիններուն տուեալներով` 1992-1995-ին Շիրաք Փարիզի քաղաքապետարանին մէջ 28 կեղծ աշխատատեղ ստեղծած է, իսկ գոյութիւն չունեցող այդ աշխատողներու աշխատավարձը օգտագործուած է Շիրաքի` Հանրապետութեան աջակցութեան միաւորում կուսակցութեան «նպատակներուն» համար:

Ըստ ֆրանսական օրէնսդրութեան, Շիրաքին տասը տարուան ազատազրկում եւ 150 հազար եւրօ տուգանք կը սպառնայ:

Շիրաք նաեւ կը մեղադրուի 1990-1994 տարիներուն 7 կեղծ աշխատատեղ ստեղծելու համար: Շիրաք առողջական պատճառներով դատական հոլովոյթին չէ մասնակցած:

 

Share this Article
CATEGORIES