ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԸ ՃԱՀՃԱՆԱՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԿՈՐՍՆՑՆԵՆ
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Լռութիւնը մեղք կը դառնայ, երբ կը գրաւէ բողոքին
վերապահուած տեղը եւ այն ատեն մարդէն կը շինէ վատը:
Ինչպէս որ պիտի չուզէի ստրուկ ըլլալ, նոյնպէս պիտի չուզէի տէր ըլլալ:
Այսպէս է իմ ըմբռնումս ժողովրդավարութեան: Ինչ որ անկէ կը տարբերի,
եւ տարբերութիւնը այնքան մեծ է եւ երբեք ժողովրդավարութիւն չէ:
Աբրահամ Լինքըլն
Ճահճացումը ընկերութիւններու մահն է, որմէ ետք կը ծնին նորերը` առանց ըլլալու նախկինի շարունակութիւն: Այդ մահուան պատասխանատուները անհատներն են, որոնք կը հետեւին հոսանքին, կը դադրին նախանձախնդիր ըլլալէ արժէքներու, ճշմարտութեան, իրաւունքի, արդարութեան յաղթանակին:
Կը դադրին տեսնելէ մարդուն մէջ մարդկութիւնը:
Այդպէս է ճահճացման աւերը կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ, անոնք ըլլան քաղաքական, կրօնական, մշակութային, մեր ժողովուրդի պարագային` միութենական, կուսակցական, կրթական եւ այլն:
Երբ կը տեսնենք բացասականութիւնները եւ կը լռենք, մարդկութեան եւ ընկերութեան լիիրաւ անդամի մեր առաքինութիւնը կը կորսնցնենք: Առաքինութիւն, միշտ պէտք է շեշտել, բառին հռոմէական իմաստով, virtus, այսինքն` հոգեկան ուժ: Երբ մարդը կը հրաժարի յիշեալ առաքինութենէն, կը մնայ մարսողական խողովակը, այսինքն մարդը կ՛այլասերի:
Իշխանութիւնները միշտ ցանկացած են, որ ընդհանրանայ այս այլասերումը: Հռոմի կայսրերը կը կազմակերպէին կրկէսի արիւնալի խաղերը` ազատ ասպարէզ տալով ամբոխի գազանային զգացումներու բաւարարման:
Յառաջդիմութիւն եւ ստեղծագործութիւն կը կասին, երբ բողոք եւ քննադատութիւն կը թաղուին փուլ եկող լռութեան պատին տակ` շահակցական նպատակներով կամ վատութեամբ: Երբ իշխանաւորը Իտի Ամին Տատայի պատկերով բռնատէր է, լռելը յանցանք է:
Երբ կողմնապաշտութեամբ, անարժէք եւ անհոգի գրական երկին կամ գեղանկարին առջեւ լուռ կը մնանք` փոխանակ պարկեշտ գնահատում ընելու, կը դաւաճանենք գրականութեան եւ արուեստին:
Աբրահամ Լինքըլնի մտածման լոյսին տակ եթէ կարդանք, օրինակ, սփիւռքի հայկական թերթերը, ոչ միայն դատափետուած լռութեան պատկերը կը տեսնենք, այլ վկաները կ՛ըլլանք «լուսաշող» (Դանիէլ Վարուժանի հետեւութեամբ) ներկայի մը եւ ապագայի մը: Մինչդեռ մեր առանձնութեան մէջ կամ մտերիմներու նեղ շրջանակին մէջ հակառակը կը մտածենք: Եւ կը ճահճանանք:
Լոս Անճելըսի ատամնաբուժական դարմանատան մը մէջ սրտցաւ ազգայիններ արդար դիտողութիւն մը ըրին, ըստ որուն` վերլուծումներ եւ ախտաճանաչումներ անբաւարար են, եթէ անոնց առաջնորդող քննադատութիւնները ճշդուած հասցէներ չունենան. անհատներ եւ կազմակերպութիւններ:
Բայց մեր իրականութիւնը այնպէս է, որ ժխտական տիպար կը համարուին անոնք, որոնք քննադատութեամբ հրապարակ կու գան: Յաճախ նաեւ իրենց խօսքին համար բեմ ալ չեն գտներ, բացի այն պարագայէն, երբ թիրախ է այսպէս կոչուած «հակառակորդը», «հակառակորդ ճակատը»:
Գովերգութեան եւ պարսաւանքին միջեւ կը կորսուի քննադատութիւնը:
Չկա՞ն քննադատելի հասցէներ, երբ սփիւռքի մէջ դպրոցներ կը փակուին: Երբ հայկական դպրոցներու ղեկավարութեան կը կոչուին անհրաժեշտ որակը չունեցող պատասխանատուներ, պետականօրէն ընդունելի վկայականներով չզինուած, գիտնալով, որ վկայականը նուազագոյն եւ անհրաժեշտ երաշխիք է:
Չկա՞ն քննադատելի հասցէներ, երբ Հայաստանէն տեղի կ՛ունենայ եւ կը շարունակուի աղէտ-արտագաղթը:
Երբ զանազան մակարդակի ղեկավարութիւններու համար կ՛ըսուի, թէ անոնց ուսերուն դրուած բեռը անոնց կրելու կարողութենէն աւելի է, ինչո՞ւ հայկական լրատուամիջոցները չեն արծարծեր հարցը:
Հայկական թերթ մը տեղ տուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահի մը մտածումներուն, ըստ որոնց, կան կաշառակերութիւն, ընտրական խաղքութիւն, արտագաղթ, առանց անմիջապէս ճշդելու, որ ենթական ընտրուած-չընտրուած նախագահ էր, որուն գործակիցները անաշխատ հարստութիւններու տիրացած էին, որուն օրով ծայր տուած էր տարերային արտագաղթը, եւ ինք ըսած էր, որ Հայաստանը նեղ էր, եւ արտագաղթողները կ՛օգնէին մնացողներուն:
Այլեւս ոչ ոք կը խօսի Հայաստանի երկրաշարժէն ետք հաւաքուած գումարներու մասին, որոնց մէկ մասով հիմնուեցան գործարաններ, որոնք հիմա անհետ կորած են: Կորա՞ծ են, թէ՞ իւրացուած: Հայաստանի վարչապետներէն մին ըսած էր, որ «աուտիդ կ՛անենք»® Ո՞վ տեղեակ է նման «աուտիդ»-է, եւ անոր արդիւնքէն:
Աբրահամ Լինքըլնի դատափետած լռութիւնը ստրկացումէ եւ ստրուկի հոգեբանութենէ կը բխի: Իսկ ստրկացում եւ տէրերու դասակարգի ստեղծում, տնտեսական եւ քաղաքական, միշտ գուժած են ժողովրդավարութեան մահը, անոնք ըլլան հին Հռոմի կայսրերը, Նափոլէոն Պոնափարթ, Ստալին կամ Հիթլեր, եւ` անոնց մեզի ժամանակակից ձագերը, որոնք երբեմն հրապարակէն կը քշուին ընդվզումով եւ արիւնահեղութեամբ:
Այդ արիւնահեղութիւնները թերեւս կարելի է խնայել վատութեան առաջնորդող լռութիւնը մերժելով, անկէ դուրս գալով:
Ոչ միայն այս կամ այն երկրի մենատէրերը թիրախ ընտրելով, այլ նաեւ` անմիջական ընկերութիւնները, որոնց գումարն են երկիրները եւ պետութիւնները:
Չեմ կարծեր, որ զանգուածները այնքան խուլ եւ կոյր ըլլան, որ այս մտածումներու լոյսին տակ չկարենան հասցէ եւ թիրախ չտեսնել:
Հարց է` թէ ինչո՞ւ չեն ընդվզիր…
9 նոյեմբեր 2011, Կլենտորա, Քալիֆորնիա