ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ «ԱԶԴԱԿ»-Ի ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԱԾ ՏՊԱՐԱՆԻ ԲԱՑՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
Այս ուրախ մթնոլորտին մէջ կ՛ուզեմ քանի մը գեղեցիկ պատկերներ տեսնել. առաջինը այն է, որ մեր սփիւռքեան իրականութեան մէջ միշտ ալ կայ այդ սփիւռքը կազմակերպելու եւ կազմակերպ վիճակը պահելու, հայապահպանման աշխատանք տանելու ճիգը. այսօր, 85 տարիներու գործունէութեան վիթխարի վաստակի սեմին «Ազդակ»-ը մեզի կու տայ այն քաջալերող եւ յուսադրիչ պատկերը, որ ընդհանրապէս մենք կ՛ակնկալենք: Կայ այն ենթադրութիւնը, որ երկարամեայ գործունէութենէն յոգնած, պարտասած կազմակերպութիւններ հետզհետէ կը նսեմանան, «Ազդակ»-ը կու գայ ըսելու, որ տարիներու ընթացքին աշխատանքը հետզհետէ կը ծաղկի, եւ այդ մէկը գեղեցիկ երեւոյթ է այն կարեւոր կենսական կառոյցին համար, որ մենք ամէն օր իբրեւ օրաթերթ, իբրեւ սնունդ կը ստանանք:
Երկրորդ պատկերը, զոր կը տեսնեմ, հետեւեալն է. անշուշտ այս իրագործումին մէջ կարեւոր դեր ունի պատասխանատուն, խմբագիր տնօրէնը, այս պարագային` Շահան Գանտահարեանը, սակայն այստեղ կայ նաեւ այլ երեւոյթ մը, որուն պէտք է անդրադառնանք: Յաճախ կը խօսինք կառոյցներուն եւ մեր միութենական, կուսակցական կամ առհասարակ ազգային կառոյցներու կարեւորութեան մասին, որ աւելի մնայուն եւ աւելի կանոնաւոր կերպով անշեղ կերպով ընթացող գործունէութիւն կ՛ենթադրէ, քան անհատական: Որեւէ ծրագիր, որ կրնայ փայլատակումներ ունենալ, նաեւ կրնայ անկումներ ալ ունենալ. կառոյցը, որուն ետին կայ կազմակերպութիւնը, այդ կառոյցը կ՛ունենայ մնայուն եւ անշեղ ընթացք: Անշուշտ այդ կառոյցին ետին կայ անհատը, բայց անհատին ետին կայ կազմակերպութիւնը, որ պատրաստած է, կազմաւորած է անհատը եւ գործի լծած է: Եւ այդ կազմակերպութեան հաւատամքով կ՛աշխատի ենթական:
Երրորդ պատկերը. այսօր «Ազդակ»-ը Լիբանանի մէջ կը տպուի, բայց բարեբախտաբար, արհեստագիտութեան շնորհիւ սփիւռքի լայն տարածքը «Ազդակ»-ով կը հաղորդուի լիբանանահայութեան կեանքին: Յաճախ լսած ենք, որ «Ազդակ»-ը նաեւ եղած է այնպիսի օրաթերթ, որուն էջերէն կ՛արտացոլայ լիբանանահայութեան պատկերը, հայելին: Լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս մեր ուշադրութեան առարկայ է «Ազդակ»-ի այս նախաձեռնութեամբ, եւ ես կ՛ուզեմ, որ այս առիթով անգամ մը եւս անդրադառնանք Լիբանանի կարեւորութեան, անոր ունեցած դերակատարութեան եւ կարողականութեան: Ո՛չ միայն լիբանանահայեր, այլ այսօր ամբողջ աշխարհով մէկ ցրուած լիբանանահայերը իրենց առօրեան կապած են Լիբանանին, անոր հետ հաղորդակցութեան մէջ են շնորհիւ «Ազդակ»-ի կայքէջին: Միւս պատկերը այն է, որ մենք այսօր ուրախութիւնը ունինք վայելելու «Եռագոյն ֆոնտ»-ի մէկ այլ նախաձեռնութիւնը: «Եռագոյն ֆոնտ»-ը մեզի, յատկապէս Ազգային առաջնորդարանը, Ազգային իշխանութիւնը ուրախացուց, երբ առաջնորդարանի ամբողջ նոր շէնքին եւ «Եռագոյն» սրահի պատրաստութեամբ տուաւ շատ աւելի լայն կարելիութիւններ: Ես կ՛ուզեմ ըսել, որ ամէն ֆոնտ կ՛ունենայ իր նպատակը, հաւատամքը, անոր համար կը ձգտի ու այդ ուղղութեամբ կ՛աշխատի: «Եռագոյն ֆոնտ»-ը մեզի մէկ-երկու սկզբունք շեշտեց եւ այդ ուղղութեամբ աշխատելու պարտականութիւնը մենք սիրով յանձն առինք. ո՛չ միայն գումար է, որ կը տրուի, «Եռագոյն ֆոնտ»-ի աշխատանքին մէջ յստակ է այն սկզբունքը, որ գործ մը հաւաքական աշխատանքով կ՛ըլլայ եւ մրցակցութիւնը, անհատը ինքզինք յառաջ քշելու տեղ, գործը յառաջ քշելու մէջ պէտք է ըլլայ: Այս մէկը անհրաժեշտ իրականութիւն մըն է, որ եթէ ունէինք, պէտք է պահենք, եթէ մոռցած էինք, պէտք է վերականգնենք, որ հաւաքական աշխատանքով է, որ մենք մէկ նպատակի համար կ՛աշխատինք: Երկրորդ հետաքրքրական սկզբունքը, որ մեր աշխատանքին, գործին, արդիւնքին որակ բերաւ ու կը բերէ, այն է, որ յաջողութեան գործին մէջ մէկ հոգի չէ, որ կը գնահատուի, գումարը տուողը չէ, որ առանձին կը գնահատուի, գումարը չէ, որ միայն ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ, այլ` այն բոլոր անձերը, որոնք աշխատեցան, բոլորն ալ մասնակից են եւ բոլորն ալ գնահատանքի արժանի են: «Եռագոյն ֆոնտ»-ը գումարով չէ, որ այսօր մեզ կը հարստացնէ իր նախաձեռնութիւններով: Ես կը հաւատամ, որ իր երկու հիմնական սկզբունքներով է, որ մեր կառոյցներուն եւ աշխատելաձեւին, կեանքին որակ մը կը բերէ, որուն մենք կարիք ունինք:
Այս քանի մը գեղեցիկ պատկերներով ես կը բաժնեմ այս ուրախութիւնը եւ կը շնորհաւորեմ լիբանանահայութիւնը, որ ինչպէս ամէն առաւօտ օրաթերթը կը ստանայ ու կ՛ուրախանայ, նաեւ գունաւոր հրատարակութիւնը երբ ստանայ, պիտի ուրախանայ: