ՏԵՐՍԻՄԻ ԲԱՆԱՎԷՃԸ

Վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան պետութեան անունով վերջերս ներում հայցեց Տերսիմի մէջ 1937-1938-ին տեղի ունեցած ջարդերուն համար` հրահրելով բուն բանավէճ մը, երկու առումներով:

Առաջին, որոշ մարդիկ կը պնդեն, որ վարչապետին ներում հայցելը պարզապէս քաղաքական խուսանաւում մըն է, եւ թէ` զինք բնաւ չեն հետաքրքրեր այս ջարդի զոհերը: Այդ մարդոց համար վարչապետին իսկական նպատակը քիւրտերը սիրաշահիլն ու գլխաւոր ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական  կուսակցութիւնը (ԺՀԿ) տկարացնելն է, տեղական յառաջիկայ ընտրութենէն առաջ: Անգամ մը եւս ամէն ոք տեսաւ, որ ԺՀԿ կը մնայ խնամատարական վարչակարգի պաշտպանը, հակառակ անոր որ կուսակցութեան ղեկավարը Տերսիմէն է, չի կրնար ժողովուրդին տառապանքը ներկայացնել: Մարդիկ հետաքրքիր են գիտնալու անոր տեսակէտը, կեցուածքը, որովհետեւ այդ ատեն Թուրքիա միակուսակցական վարչակարգ էր ԺՀԿ-ն քաղաքական կեանքի բոլոր մարզերը իր հակակշիռին տակ առած էր, ներառեալ` երկրի վարչական ամբողջ համակարգը:

Երկրորդ երեւոյթը այս բանավէճին այն անձերն են, որոնք կը պնդեն, թէ անմիաստ, անօգուտ է խօսիլ տառապանքի անցեալի դէպքերու մասին: Անոնք կը զգուշացնեն, որ ներում հայցելու քայլերը կրնան առաջնորդել փոխհատուցումի պահանջներու կամ կալուածներ վերադարձնելու: Այսպիսով, վարչապետը անուղղակի կը մեղադրուի պետութեան շահերը վնասելու համար:

Տերսիմի հարցը կը վերաբերի պետութեան սարսափելի գործողութիւններուն իր քաղաքայիններուն դէմ: Եթէ ընթացիկ բանավէճը, քննարկումը օգնէ, որպէսզի զոհերը վերատիրանան իրենց հողերուն մէկ մասին կամ որեւէ ձեւի փոխհատուցում ստանան, ատիկա ինչո՞ւ պիտի վնասէ պետութեան, ազգային շահերուն: Եթէ գոյութիւն ունի փոխհատուցում կամ հողային վերականգնում, օգտուողները Թուրքիոյ քաղաքացիները, այլ ոչ թէ օտարները պիտի ըլլան:

Անցեալի հետ առերեսումը միայն փոխհատուցում չէ, ատիկա նաեւ մաքուր խիղճով յառաջանալ է: Ասիկա նաեւ կ՛օգնէ ամբողջ ազգին ձերբազատելու իր վախերէն: Բոլորս ալ գիտենք, թէ անգամ մը որ փանտորայի սնտուկը բացուի, ոչ ոք կրնայ հակակշիռի, վերահսկողութեան  տակ առնել սնտուկին դուրս գալիքը: Տերսիմի ջարդերը ընդունիլը նաեւ պիտի քաջալերէ մարդիկը` հանգամանօրէն  քննարկելու, թէ ի՛նչ պատահած է 1915-ին, կամ 1978-ին` Մարաշի մէջ, կամ 1978-ին` Մարաշի մէջ, կամ 28 փետրուար 1997-ի յեղաշրջումէն ետք:

Ժողովուրդին տառապանքը քննարկելը կարեւոր քայլ մըն է դէպի ժողովրդավարացում, եւ մենք բոլորս ալ գիտենք, որ Թուրքիա ատոր վրայ շատ երկար դեգերած է:

Սակայն եթէ քննարկումը ընտրանքով մնայ եւ միայն` Տերսիմի հարցին մասին, ապա կայ սիւննի-ալեւի հակամարտութեան վտանգը` քաղաքական մակարդակի վրայ: Այսպիսի քննարկում մը մեր ժողովրդավարութեան զարգացման պիտի չնպաստէ:

Եթէ մենք սկսինք քննարկել մեր պատմութեան ամօթալի արարքները, միայն այն ատեն կրնանք դառնալ Եւրոպական Խորհուրդի մէկ անդամը, որ կը յարգէ կառոյցին օրէնքներն ու սկզբունքները:

Եւրոպական երկիրներուն մէջ կան օրինակներ, թէ ի՛նչ պէտք է ընել դիմակայելու համար անցեալը, եւ ինչպէս մեղմացնել զոհերուն ցաւը: Այս օրինակները պէտք է ուսումնասիրել:

Այսօրուան աշխարհին մէջ, «ի՛նչ ալ ըլլայ գինը», քաղաքականութիւնը օրինական չէ, որովհետեւ կազմակերպուած բանակներով քաղաքայիններու վրայ յարձակումը ոչ մէկ  ձեւով կ՛արդարացուի, կը պաշտպանուի:

Միջազգային մարդասիրական օրէնքը առկայ է այդպիսի բաներ արգիլելու համար: Բացի ատկէ, մեր ժամանակներուն մէջ մարդիկ կը շարունակեն հարցնել: Օրինակ, անոնք կ՛ուզեն գիտնալ, թէ Տերսիմի մէջ իսկապէս ապստամբութիւն եղա՞ծ է, թէ՞ ոչ: Եթէ եղած է, ուրեմն ինչո՞ւ Տերսիմի ժողովուրդը դժգոհ է իր կեանքէն: Ինչո՞ւ ժամանակին չկանխուեցաւ, առաջքը չառնուեցաւ այս ապստամբութեան. փոխանակ զինեալ ըմբոստները պատժելու` այդ օրերու կառավարութիւնը որոշե՞ց յարձակիլ ամբողջ բնակչութեան վրայ:

Այս բոլոր քննարկումներով մարդ պէտք է նկատի առնէ, որ Տերսիմի ժողովուրդը որ իսկանան զոհն է այս պատմութեան, ընտրած էր  լուռ մնալ, մինչեւ վերջերս, որովհետեւ անոնք վախցած էին: Անոնք ընտրած էին չբացայայտել իրենց տառապանքները, որովհետեւ կը վախնային:

Անոնք, որոնք կը փորձէին վիժեցնել քննարկումը, այժմ հաւանաբար կը փորձեն, աշխատանք կը տանին, որպէսզի մարդիկ վախցած մնան:

Սակայն միջազգային մարդասիրական օրէնք գոյութիւն ունի` երաշխաւորելու, ապահովելու համար, որ մարդիկ այլեւս չվախնան իրենց իրաւունքները պահանջելէ:

ՊԵՐԻԼ ՏԷՏԷՕՂԼՈՒ

«Թուտէյզ Զաման»

Share this Article
CATEGORIES