ԴԱՐՁԵԱԼ ԹԱՔՆՈՒԱԾ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ՏՊԱՒՈՐԻՉ, ՅՈՒԶԻՉ ԵՒ ՅՈՒՍԱԴՐԻՉ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

ՊԵՏՐՈՍ ՔՀՆՅ. ՇԻԹԻԼԵԱՆ

Երբ այս տարուան յուլիսին «Հայրենիք» եւ «Հորիզոն» շաբաթաթերթերուն մէջ Թուրքիոյ դաւանափոխ դարձած հայերու մասին յօդուած մը գրեցի, չէի կրնար պատկերացնել, որ յօդուածը կրնար լայն արձագանգ ունենալ: Շատեր հեռաձայնով հետս կապ հաստատեցին, յօդուածը վերահրատակուեցաւ ուրիշ թերթերու մէջ: Յստակ դարձաւ, որ այս նիւթը մեր ազգային առաջնային հարցերէն մէկը դարձած է:

Ստացուած հեռաձայններէն մէկը կը տարբերէր միւսներէն, որովհետեւ ան կու գար հայորդիէ մը, որ պոլսահայ է եւ արդէն կը զբաղի այս հարցով: Որոշ նկատառումներով, պիտի չյիշեմ այդ անձին իսկական անունը եւ անոր պատմութեան հետ կապ ունեցող անձերուն եւ վայրերուն անունները:

Յիշեալ անձը ներկայիս կ՛ապրի Թուրքիայէն դուրս, արտասահմանի մէջ: Պայմանականօրէն Շանթ պիտի կոչեմ զինք: 1970ականներուն անոր հայրը, Պոլիսէն երթալով, փորձած է այցելել իր պապենական գիւղը, սակայն թուրք ոստիկաններու` «ժանտարմա»-ներուն ձեռքով ետ ղրկուած է: Շանթը, Թուրքիան ձգելէն ետք, անընդհատ պրպտած է իր գիւղին մասին: Վերջապէս, ասկէ քանի մը տարիներ առաջ, համացանցին միջոցով ելեկտրոնային հասցէ մը գտած է իր պապենական գիւղի հարազատներէն մէկուն անունով: Համացանցային այդ հասցէին տէրը տեղեակ չէ եղած իր հայկական ծագումին մասին ու բնականաբար այդ մէկը մերժած է: Բայց Շանթին պնդումները այդ անձին մէջ կասկած յառաջացուցած են ու օր մը, երբ գերդաստանով հաւաքուած եղած են, ընտանիքի տարեցներուն հարց տուած է իրենց ազգային ծագման եւ իսկական արմատներուն մասին: Բոլորին զարմանքը մեծ եղած է, երբ գերդաստանին տարեցները իրարու նայելով ըսած են, որ ժամանակն է, որ ճշմարտութիւնը ըսեն եւ յայտնած են իրենց հայկական ինքնութեան մասին: Ահա այսպիսով հանգոյցը սկսած է քակուիլ:

Ասոր վրայ Շանթը խանդավառուած է ու աւելի համարձակ դարձած է: Տեղեկութիւններ պահանջած է իր գերդաստանի նախնիներու մասին: Հարցը հոն հասած է, որ հասկցած է, թէ ո՛ւր են իր պապերուն հողերը, եւ ի վիճակի եղած է այդ հողերուն մեծ մասը վերագրանցելու գիւղացիներուն անուան տակ: Մնացած է երեք կտոր հող, որոնք տակաւին կը պատկանին թուրքերու կամ քիւրտերու, եւ որոնց յառաջիկայ տարի պիտի վերատիրանայ:

Վերջապէս, Շանթը այցելած է իր պապերուն ապրած շրջանը եւ գիւղը, ուր իր հայրը չէր կրցած այցելել 1970-ականներուն: Հոն հանդիպած է իր նախնիներու համագիւղացիներուն, այլ խօսքով` թաքնուած հայերու հետ, որոնց մէջ տարեցները մինչեւ օրս կը յիշեն Շանթին մեծ հայրը, որ զոհուած է Եղեռնի ժամանակ: Անոնք ցոյց տուած են Շանթի նախնիներուն սպաննուած վայրը: Անոնց պատանի զաւակները հայերէնով Շանթին բարի գալուստ ըսած են: Վերջապէս, անոնք ցանկապատած են նաեւ գիւղի հայկական հին գերեզմանատունը:

Այս բացայայտումէն ետք, նշեալ գերդաստանի միջին տարիքի տղամարդիկը անդրադարձած են, թէ ինչո՛ւ ժամանակին ի վիճակի չեն եղած իրենց փափաքած թուրք կամ քիւրտ կիներու հետ ընտանիքներ կազմել: Ըլլալով նահապետական ընտանիքներ` անոնց հայրերը պարտադրած են, որ անոնք ամուսնանան իրենց նման թաքնուած հայերու հետ` առանց բացատրելու պատճառը, թէ ինչո՛ւ իրենց զաւակները նման պարտադրուած ամուսնութիւններ պէտք է ունենային:

Պատմութիւնը հոս չի վերջանար: Շանթին համագիւղացիները սկսած են վերականգնել Թուրքիոյ տարածքին սփռուած գիւղի նախկին բնակիչներուն հետ կապերը, որոնք բոլորն ալ իրենց նման թաքնուած հայեր են: Այս պատմութեան մէջ ընդգրկուած անձերուն թիւը կը հասնի 120-130 հոգիի: Ահա այս խումբը եկող ամրան կը ծրագրէ գիւղին մէջ համախմբուիլ եւ միասին բերքահաւաք կատարել: Շանթը իր երկու զաւակներուն հետ ներկայ պիտի ըլլայ հոն, եւ այս պիտի ըլլայ այդ գիւղի տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներու առաջին համախմբումը:

Այս գրուածը հեքիաթ մը չէ, այլ` իրականութիւն, որ կը կատարուի այս օրերուս, Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, իրականութիւն, որ ցոյց կու տայ ցեղին ինքնապահպանութեան զօրաւոր բնազդը, բնազդ մը, որ մեր գոյութեան կարեւոր գաղտնիքներէն մէկը եղած է: Նախորդ յօդուածիս մէջ նշած էի ազգային ծրագիրի մը կարեւորութեան մասին, որ պէտք է զբաղի այս հարցով: Մինչ մենք կը թերանանք, ժողովուրդին առողջ բնազդը արդէն կը գործէ:

Այս յօդուածը գրելուս պատճառը նախ եւ առաջ Շանթը քաջալերելն է: Փաստօրէն այս պատմութեան հիմնական մղիչ ուժն է Շանթը: Միւս կողմէ, յստակ է, որ ժամանակը հասունցած է նաեւ թաքնուած հայերուն համար, որոնք, ինչպէս կը տեսնենք, նման համարձակութիւն ու խանդավառութիւն ցոյց կու տան: Կարելի է եզրակացնել, որ եթէ դուրսէն նման նախաձեռնութիւններ ըլլան, անոնք զօրաւոր արձագանգ պիտի ունենան: Կրնայ ըլլալ, որ ուրիշ Շանթեր ու նման պատմութիւններ կան, որոնցմէ տեղեակ չենք, բայց այս յօդուածը նաեւ օրինակ եւ ներշնչման աղբիւր թող ըլլայ բոլոր անոնց համար, որոնք նման կապեր ստեղծելու յենարան կրնան ունենալ, ըլլան անոնք պոլսահայեր կամ ոչ:

Ժամանակը նպաստաւոր կ՛երեւի: Ասկէ դեռ տասը տարիներ առաջ նման պատմութիւն անկարելի կը թուէր: Կացութիւնը փոխուած է ու կը շարունակէ փոխուիլ:

Մենք պիտի հետեւինք այս պատմութեան եւ տեղեակ պիտի պահենք անոր առնչուող հետագայ նորութիւնները: Մինչ այդ, քաջալերենք Շանթն ու անոր նմանները, որպէսզի անոնք ոտքի հանեն մեր պապենական հողերուն վրայ ապրող եղբայրները եւ քոյրերը, որոնք տասնամեակներ որպէս թաքնուած հայեր ապրելէ ետք առիթը ունին վերստի՛ն հայ ըլլալու:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES