ՖԸՐԶԼԻ ԵՒ ՈՒԱՀԱՊ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԶՕՐ. ԱՈՒՆԻ

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ֆըրզլի շեշտեց, որ բարեկարգչական միտքերուն սկիզբը կը կազմէ ընտրական օրէնքը:

Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ, որ նկատել տուաւ, որ զօր. Աունի եւ Հըզպալլայի միջեւ յարաբերութիւնները հաստատ են եւ կը շարունակուին ամուր հիմերու վրայ:

Ուահապ շեշտեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ձգձգումի իր քաղաքականութիւնը պէտք չէ շարունակէ, որովհետեւ առիթը մնայուն կերպով առկայ չէ, իսկ եթէ կառավարութիւնը հրաժարի, ապա անկարելի է նոր կառավարութիւն մը կազմել:

Share this Article
CATEGORIES