ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ԷՏԸՄԶԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԵՐԿԿՈՂՄԱՆԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Քանատայի դեսպանը եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Հիլըրի Չայլտ Էտըմզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-քանատական յարաբերութիւնները բարելաւելու հեռանկարները:

Հանդիպումէն ետք Էտըմզ ողջունեց Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու Լիբանանի կառավարութեան որոշումը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան առաջնահերթութիւնները սերտելու մօտեցումը:

Էտըմզ նկատել տուաւ, որ քանատական իշխանութիւնները կ՛ուսումնասիրեն քանատական քաղաքացիութեան դիմած այն անհատներուն թղթածրարները, որոնք դիմելով հանդերձ քաղաքացիութեան, Քանատայի մէջ չեն ապրիր: Ան նկատել տուաւ, որ այդ հետաքննութիւններուն արդիւնքներուն հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ զանոնք զրկել քաղաքացիութիւն ստանալու իրաւունքէն:

Էտըմզ յայտնեց, որ այս իմաստով կան 2100 քաղաքացիներ, որոնք կը պատկանին 100 երկիրներու, որոնց շարքին է նաեւ Լիբանանը:

Վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուրի հետ, որուն հետ քննարկեց դիւանագիտական անձնակազմի նշանակումներուն վերաբերող հարցեր:

Վարչապետ Միքաթիի այցելուներէն եղան երեսփոխան Ապտել Լաթիֆ Զէյն եւ նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ, որոնք վարչապետին հետ  քննարկեցին Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES