ՇԷՅԽ ՔԱՊԱԼԱՆ ԽՍՏԻՒ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ՄԶԿԻԹՆԵՐՈՒ ՀՐԿԻԶՈՒՄԸ

Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան երէկ խստիւ դատապարտեց պաղեստինեան հողերուն վրայ գտնուող մզկիթներէն երկուքին հրկիզումը` իսրայէլացիներուն կողմէ:

Շէյխ Քապալան նկատել տուաւ, որ այդ բռնարարքը սիոնական գոյացութեան գործած ոճրային արարքներէն մէկը կը նկատուի:

Շէյխ Քապալան սիոնական այս ոճրային արարքները յանձնեց ՄԱԿ-ի, Արաբական լիկայի եւ Իսլամական համագումարի կազմակերպութեան ուշադրութեան` կոչ ուղղելով անոնց խզելու իրենց լռութիւնը եւ չբաւարարուելու դատապարտումի գիրեր յղելով:

 

Share this Article
CATEGORIES