ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԵՒ ՊԱՍԻԼ ՀԻՄՆԱՐԿԷՔԸ ԿԱՏԱՐԵՑԻՆ ՆՈՐ ՏԱՐՐԱԼՈՒԾԱՐԱՆԻ ՄԸ
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան եւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ հիմնարկէքը կատարեցին Ճարտարարուեստական հետազօտութիւններու հիմնարկին մէջ արեւու ճառագայթով ջեռուցող սարքի ուսումնասիրութեան յատուկ տարրալուծարանի մը:
Հիմնարկէքի պաշտօնական ձեռնարկին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Քեթրին Պուրան` նկատի ունենալով, որ արեւու ճառագայթով ջեռուցող սարքը լիբանանեան պետութեան տրամադրուած է յունական կառավարութեան կողմէ` ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի գրասենեակին միջոցով:
Հիմնարկէքի արարողութեան ընթացքին նախարար Սապունճեան շեշտեց, որ իրենք յանձնառու կը մնան ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերուն տրամադրելու լաւագոյն ծառայութիւնները:
CATEGORIES Լիբանանեան