ՊՔԵՐՔԷԻ ՄԷՋ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՈՒՂՂԵՑ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԻՐ ՊԱՏԳԱՄԸ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ լիբանանցիներուն ուղղեց Ս. Ծննդեան իր պատգամը, որուն մէջ շեշտեց, որ պէտք է ջանք թափել` ծնելու համար արաբական իսկական գարուն մը, որ հիմնուած է կայունութեան եւ բազմազանութեան վրայ:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց միասնաբար կերտելու պատգամի եւ գոյակցութեան երկիրը` պահպանելով լիբանանեան համայնքային եւ քաղաքակրթական բազմազանութիւնը, ինչպէս նաեւ տարբեր կարծիքներու եւ ընտրանքներու գոյութիւնը:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ քրիստոնեայ եւ իսլամ լիբանանցիները փափաքած են, որ այդպէս մշակուի երկրին ազգային ուխտը, հետեւաբար անհրաժեշտ է վերահաստատել այդ ուխտը եւ յաւելեալ արժեւորում կատարել երկրին ապահովական կայունութեան:

Նշենք, որ այդ պատգամը ուղղելէ ետք Ռայի պատրիարքը լուսաւորեց Պքերքէի տօնածառը:

Յայտնենք նաեւ, որ Ռայի պատրիարքը այսօր առաւօտեան Պքերքէի մէջ պիտի նախագահէ միջմարոնիական ղեկավար մակարդակի հանդիպում մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի ընտրական նոր օրէնքի նախագիծը:

 

Share this Article
CATEGORIES