ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ ԵՒ ՆԱԶԱՐԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԱՈՒՏԷ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ

Նազարեան, Աուտէ եպիսկոպոս եւ Բագրատունի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ընկերակցութեամբ երեսփոխան Արթիւր Նազարեանի, այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային նորագոյն զարգացումները:

Share this Article
CATEGORIES