ՆԱԽԱՐԱՐ ՕՀԱՆԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐՑԱԽ
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան այցելեց Ստեփանակերտ, ուր զայն ընդունեց Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան բանակաշինութեան առնչուող շարք մը հարցեր:
Երկու կողմերը նշեցին, որ Հայաստանի եւ Ղարաբաղի միջեւ պաշտպանութեան մարզին մէջ համագործակցութիւնը շրջանին մէջ կայունութեան պահպանման կարեւոր նախապայմաններէն մէկն է:
CATEGORIES Հայկական