«ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ» ՆԻՒԹՈՎ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ
15 դեկտեմբերին Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութեան նիստերու սրահին մէջ սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան, Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի, Երեւանի պետական համալսարանի եւ «Նորավանք» գիտակրթական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Գարեգին Նժդեհի գործունէութիւնը սփիւռքի մէջ» նիւթով գիտաժողովը` նուիրուած մեծ զօրավար եւ գաղափարախօս Գարեգին Նժդեհի 125-ամեակին:
Բացման խօսքը արտասանեց Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեան: Գիտաժողովի մասնակիցներուն ողջոյնի խօսքեր ուղղեցին Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Էդուարդ Շարմազանով եւ Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան:
Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը ընթերցեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրտուս Զաքարեան:
Զեկուցումներ ներկայացուցին Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի վարիչ Էդիկ Մինասեան, Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի հին դարերու բաժինի վարիչ Էդուարդ Դանիէլեան, Խ. Աբովեանի անուան Հայաստանի պետական մանկավարժական հիմնարկի Հայոց պատմութեան ամպիոնի վարիչ Խաչատուր Ստեփանեան, Երեւանի պետական համալսարանի փիլիսոփայութեան պատմութեան ամպիոնի վարիչ Սէյրան Զաքարեան, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Ռաֆայէլ Համբարձումեան, փիլիսոփայական գիտութիւններու թեկնածուներ Արմէն Սարգսեան եւ Սիլվա Պետրոսեան, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան հայրենադարձութեան եւ հետազօտութիւններու վարչութեան պետ Արման Եղիազարեան եւ ուրիշներ:
Ներկայացուեցան դրուագներ Գարեգին Նժդեհի սփիւռքեան գործունէութենէն, ինչպէս նաեւ Գարեգին Նժդեհի դիտարկումները Հայաստանի ապագայի, ազգային ինքնութեան պահպանման հիմնահարցի, տնտեսագիտութեան եւ հայութեան տնտեսական կեանքի կազմակերպման վերաբերեալ: