ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՀԱԿԱԶԴԷ ԹԻՒ 306 ԲԱՆԱՁԵՒԻ ՈՐԴԵԳՐՄԱՆ «ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԽՏՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԻ»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքը

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հակազդեց Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կողմէ որդեգրուած թիւ 306 բանաձեւին, որ թրքական իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ երկրին քրիստոնէական համայնքներուն, մասնաւորաբար հայկական, յունական եւ ասորական փոքրամասնութիւններուն վերադարձնելու բռնագրաւուած եկեղեցիները, վանքերն ու այլ հոգեւոր կառոյցները:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ մասնաւորաբար կը շեշտէ, թէ Թուրքիոյ մէջ «կրօնական խտրականութիւն գոյութիւն չունի: Թուրքիոյ սահմանադրութիւնը ցեղային, ցեղագրական, կրօնական, լեզուական հաւասարութիւն կ՛ապահովէ»:

Իբրեւ ինքնապաշտպանութեան օրինակ, Անգարա կը յիշատակէ այս տարի որդեգրուած Վաքըֆներու մասին օրէնքի փոփոխութիւնը, սակայն խեղաթիւրելով փաստերը, չի նշեր, որ այդ օրէնքը չի վերաբերիր եկեղեցիներուն եւ կրօնական հաստատութիւններուն:

Share this Article
CATEGORIES