ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻ ՈՐԴԵԳՐՄԱՆ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ. ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ ԻՐ ԴԵՍՊԱՆԸ ՓԱՐԻԶԷՆ ՏՈՒՆ ԿԱՆՉԵԼ

Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Էնկին Սոլաքօղլու ԱՖՓ գործակալութեան յայտնեց, որ Թուրքիա կը սպառնայ իր դեսպանը տուն կանչել Ֆրանսայէն, եթէ այդ երկրին խորհրդարանը յառաջիկայ շաբաթ հաւանութիւն տայ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար քրէական պատիժ սահմանելու օրինագիծին: Ան ընդգծեց, որ այդ քայլը անուղղելի հետեւանքներ պիտի ունենայ երկկողմանի յարաբերութիւններուն համար:

«Պաշտօնական Անգարան այդ քայլը պիտի դիտարկէ իբրեւ թշնամական քայլ Ֆրանսայի իշխանութիւններուն կողմէ եւ պիտի սառեցնէ Ֆրանսայի կառավարութեան հետ համագործակցութիւնը եւ բոլոր միացեալ ծրագիրները», նշեց դեսպանը, որ կը պատրաստուի յառաջիկայ շաբաթ` օրինագիծի քննարկումէն առաջ, անորոշ ժամանակով Թուրքիա վերադառնալ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու աւելի կանուխ նոյնպէս այս խնդիրին անդրադարձած էր:

Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ան յայտարարած էր, որ կասկածէ վեր է, որ Թուրքիա անպատասխան պիտի չձգէ որեւէ երկրի ղեկավարի, կառավարութեան կամ խորհրդարանի կողմէ Թուրքիան եւ թուրք ժողովուրդը վիրաւորելու փորձը: Ան նաեւ պնդած էր, որ այդ օրինագիծին ընդունումով Ֆրանսա կը հակասէ իր իսկ սկզբունքներուն` խօսքի ազատութեան վերաբերեալ, եւ «կրկին Եւրոպա կը բերէ միջնադարեան մտածելակերպը»:

Ըստ անոր, Ֆրանսայի այս քայլը կրնայ պատմութեան վերաբերեալ ստեղծել նոր ուսմունք մը, որ կը ժխտէ այլընտրանքային կարծիքները: Ան աւելցուցած էր, որ ասիկա միջնադարուն բնորոշ մտածելակերպ է, եւ անոր վերադառնալը վտանգաւոր զարգացում է Եւրոպայի համար:

Share this Article
CATEGORIES