Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ’ՈՂՋՈՒՆԷ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՔՈՆԿՐԷՍԻՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ՝ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻՆ ԳԾՈՎ

Չորեքշաբթի 14 Դեկտեմբեր 2011-ին, Հայաստանի Երկիր Մետիա հեռատեսիլին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ողջունեց Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի որոշումը՝ Արեւմտեան Հայաստանի հայկական եկեղեցիներու վերադարձին գծով:

Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց,  որ Քոնկրէսի այս որոշումը դրական ու գնահատելի քայլ մըն է զոր պէտք է օգտագործել ճիշդ կերպով: Խօսելով քոնկրէսի թիւ 306 որոշման մասին, Վեհափառը ըսաւ, թէ ճիշդ է որ հոն ցեղասպանութիւն բառը չէ յիշուած, դարձեալ ճիշդ է, որ յիշեալ բանաձեւին մէջ կը խօսուի բոլոր փոքրամասնութիւններու մասին, սակայն Վեհափառ Հայրապետին համաձայն, երկու կարեւոր կէտերու հարկ է յատուկ ուշադրութիւն ընծայել՝ առաջին ՝հոն կը խօսուի թէ՜ շարժուն եւ թէ անշարժ ինչքերու մասին, ինչպէս նաեւ ձեռագիրներուն եւ ծիսական սպասներուն մասին, եւ երկրորդ՝ վերոյիշեալ կալուածները կամ ինչքերը հարկ է վերադարձնել անոնց իրաւատիրոջ:

Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը վերջերս Քալիֆորնիա այցելութեան ընթացքին քոնկրէսէն ներս վերոյիշեալ յօդուածի յաջողութեան գծով աշխատանք տարած քոնկրէսմաններուն հետ հանդիպում ունեցած էր, ինչպէս նաեւ այս ուղղութեամբ յատուկ նամակ գրած Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարուհի Տիկին Հիլարի Քլինթընին:

Երկիր Մետիայի հետ ունեցած իր հարցազրոյցի ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը անգամ մը եւս յիշեցուց, թէ հայ դատի աշխատանքներու ծիրէն ներս յատուկ շեշտ պէտք է դրուի հատուցման վրայ: Այս ծիրէն ներս ան յայտնեց, որ հատուցման գաղափարը զանազան բառերով կամ բացատրութիւններով յաճախ կ’արտայայտուի, օրինակ, հատուցում, իրաւունքներու վերատիրացում, իրաւունքներու վերահաստատում կամ ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացում:  Յիշեալ բառերը կամ արտայայտութիւնները օտար լեզուներով միջազգային օրէնքի սահմաններէն ներս տարբեր սահմանում ու իմաստ ունին: Հետեւաբար, հարկ է զգոյշ ըլլալ այս ուղղութեամբ եւ հետեւաբար, անհրաժեշտ է որ մեր բոլորին կողմէ նոյն մօտեցումը որդեգրուի, նոյնիսկ նո՜յն բառի գործածութեամբ, յատկապէս օտար լեզուներով: Վեհափառը յայտնեց, որ Փետրուարի վերջաւորութեան միջազգային համագումար մը տեղի պիտի ունենայ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, հատուցման հարցը քննելու միջազգային օրէնքի ու ուխտերու ծիրէն ներս:

Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի Մարմնին, որ անցնող տասնամեակներու ընթացքին, սերտ գործակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմակալ Առաջնորդներուն ու ազգային իշխանութեանց հետ, իր հետեւողական ու տքնաջան աշխատանքով կրցած էր հայ դատին գծով մեծ զօրակցութիւն ապահովել ամերիկեան քաղաքական շրջանակներէն ներս եւ թիւ 306 բանաձեւի յաջողութիւնը ապահովել:

 

Share this Article
CATEGORIES