ՆԱԽԱՐԱՐ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ ՄՈՍԿՈՒԱ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան այսօր պիտի մեկնի Ռուսիա:
Ան պիտի մասնակցի Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին:
CATEGORIES Հայկական

