ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԱՏ ՈՃԻ ԸՄԲՇԱՄԱՐՏԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ԾԱՂԿԱՁՈՐԻ ՄԷՋ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ 2011-Ի ԻՐ ՎԵՐՋԻՆ ՀԱՒԱՔԸ

PanArmenian.Net կը յայտնէ, որ Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը Ծաղկաձորի մէջ կը կատարէ 2011-ի իր վերջին հաւաքը: Տասնօրեայ այս հաւաքը կ՛աւարտի 23 դեկտեմբերին:

Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արայիկ Պաղտատեան հայկական մարզական կայքէջի լրագրողին հետ իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ. «Տեղի ունեցող այս հաւաքը, որուն կը մասնակցին 43 ըմբիշներ, կ՛ընթանայ շատ բնական ձեւով: Կարեւորը այն է, որ վնասուածք ունեցող մարզիկներ չունինք: Մեր ամէն կարելին պիտի ընենք, որպէսզի 2012-ին տեղի ունենալիք Եւրոպայի ախոյեանութեան լաւ արդիւնք արձանագրենք եւ բնականաբար ապահովենք Լոնտոն-2012-ի ողիմպիականի տոմսեր: 19 յունուարէն 2 փետրուար 2012 պիտի ունենանք այլ հաւաք մը, որմէ ետք կը յստականայ, թէ որո՛նք պիտի մասնակցին 3-5 փետրուարին Պուլկարիոյ մէջ տեղի ունենալիք միջազգային մրցաշարքին: Մեր ամէն կարելին պիտի ընենք այդ հաւաքներուն ընթացքին պատրաստելու մարզիկներ, որոնք մրցաշարքերու մասնակցելով միջազգային դասուած մարզիկներ ըլլան»:

Share this Article
CATEGORIES