«ԹՈՐԵՍ ԾԱԽՈՒ ՉԷ» Կ՛ԸՍԷ ՎԻԼԱՍ – ՊՈԱՍ

Ֆեռնանտօ Թորես

Չելսիի մարզիչ Անտրէ Վիլաս-Պոաս երէկ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, թէ ի՛նչ սակ որ առաջարկուի, ակումբին մաս կազմող սպանացի յառաջապահ Ֆեռնանտօ Թորես ծախու չէ:

27 տարեկան սպանացի միջազգային մարզիկը, որ նախորդ յունուարին Լիվըրփուլէն միացաւ Չելսիի, մարզիկներու փոխանցման մէջ անգլիական նոր մրցանիշ մը հաստատեց իր փոխանցումով (77 միլիոն ամերիկեան տոլար):

Նկատի ունենալով, որ ան այդքան ալ փայլուն արդիւնքներ չ՛արձանագրեր, շատեր այդ մէկը մեկնաբանեցին ըսելով, որ ան կրնայ հեռանալ իր կազմէն: Սակայն փորթուգալցի մարզիչը ըսաւ, որ ի՛նչ ալ ըլլան պայմանները, ան ծախու չէ:

Share this Article
CATEGORIES