ԶԱՒԷՆ ՊԱՏՈՅԵԱՆ ՉՈՐՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՍՏՈՐԱԳՐԵՑ ՊԱԹԷ-Ի ՀԵՏ

Զաւէն Պատոյեան

Հայկական լրատու աղբիւրներ հաղորդեցին, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Զաւէն Պատոյեան, որ այս տարի մաս կը կազմէր Իմփուլսի, իր կազմը լքելով միացաւ ՊԱԹԷ-ի (Պիելոռուսիա): Յայտարարուեցաւ, որ ան չորս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրած է իր նոր ակումբին հետ:

Ակումբին պաշտօնական կայքէջին համաձայն, Սպանիոյ մէջ խումբին կատարած հաւաքին իր մասնակցութիւնը բերելով ան շատ լաւ տպաւորութիւն ձգած է մարզիչին եւ պատասխանատուներուն վրայ:

22 տարեկան Պատոյեան Իմփուլսէն բացի մաս կազմած է նաեւ բարձրագոյն դասակարգի կազմերէն Կիլիկիայի եւ Գանձասարի: Ան 2010-ին մաս կազմեց Հայաստանի երիտասարդներու հաւաքականին, իսկ 10 օգոստոս 2011-ին առաջին անգամ ըլլալով կրեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին շապիկը (Լիթուանիոյ դէմ):

 

 

Share this Article
CATEGORIES