ԾԱՆՐԱԲԱՐՁՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԸ ՑԱՐԴ ՉԷ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱԾ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ

Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնի փոխնախագահ Սամուէլ Խաչատրեան երէկ իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին հակիրճ ձեւով ներկայացուց հայրենի ազգային հաւաքականներուն այժմու ընդհանուր պատկերը:

Մէջբերելով անոր խօսքերը` Armsport.am կ՛ըսէ. «Ներկայ հանգրուանին, եթէ ուզենք ակնարկ մը նետել մեր հաւաքականներուն վրայ, ունինք շատ վնասներ: Հռիփսիմէ Խուրշուտեանի ձեռքը վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ Մոսկուայի մէջ: Մելինէ Տալուզեան վիրաբուժութեան պէտք չունէր, սակայն անիկա տեղի ունեցաւ երէկ` նկատի ունենալով, որ անոր ծունկը յառաջիկային կրնար հարցերու դուռ բանալ: Անոնք երկուքը սակայն շուտով Հայաստան կը վերադառնան եւ 20 յունուարէն սկսեալ իրենց փորձերը կը սկսին կատարել: Ինչ կը վերաբերի ինքնաշարժի արկած ունեցած Նազիկ Աւտալեանին, ան 2-3 տարի չի կրնար մրցասպարէզ վերադառնալ: Վերջապէս, Ռուբէն Ալեքսանեան 2010-ին իր ուսը վնասած ըլլալուն համար չմասնակցեցաւ աշխարհի ախոյեանութեան»:

Իր հարցազրոյցին վերջին բաժինին մէջ, անդրադառնալով Գեւորիկ Պօղոսեանին եւ Էլեն Գրիգորեանին, Խաչատրեան ըսաւ. «Ես բազմիցս նշած եմ, որ այդ մասին տեղեկացած եմ ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջէն եւ անշուշտ բողոքած: Անիկա մեզի պատասխանեց ըսելով, որ անոնց վրայ կատարուած Ա. քննութիւնները ճշգրիտ պատասխան մը չեն տուած, թէ անոնք խթանիչ դեղ գործածա՞ծ են, թէ՞ ոչ: Անիկա ըսաւ, որ մինչեւ 10 դեկտեմբեր, յստակացած կ՛ըլլան Բ. քննութիւններուն արդիւնքները, սակայն այդ ուղղութեամբ ոչ մէկ նորութիւն կայ: Նախանցեալ օր ֆետերասիոնին պատասխանատուներուն հետ ուղղակի կապի մէջ մտանք, սակայն անոնք ըսին, որ անհանգստանալու ոչ մէկ պատճառ կայ, որովհետեւ այդ քննութիւններուն պատասխանները երբ յստականան, մեր պաշտօնական կայքէջէն կը տեղեկանանք»:

 

Share this Article
CATEGORIES