ՓԼԱԹԻՆԻ. «ՈՒՔՐԱՆԻԱ 95 ԱՌ ՀԱՐԻՒՐՈՎ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ»

Մէջբերելով sport.express.ru-ի փոխանցած տեղեկութիւնները, հայկական PanArmenian.net կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ Եու. Է. Էֆ. Ա.-ի նախագահ Միշել Փլաթինի գնահատած է Եւրոպայի 2012-ի ախոյեանութեան գծով Ուքրանիոյ տարած աշխատանքները:

«Արդէն իսկ երկիրը գրեթէ ամբողջութեամբ իրականացուցած է մրցաշարքի նախապատրաստական աշխատանքը: Կը կարծեմ, որ Եւրօ-2012-ը Ուքրանիոյ մէջ կայացնելու գաղափարը լաւ էր, որովհետեւ անիկա այժմ 95 առ հարիւրով պատրաստ է ախոյեանութեան», ըսած է Փլաթինի:

Նշենք, որ Եւրոպայի 14-րդ ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 8 յունիսէն 1 յուլիս` Ուքրանիոյ եւ Լեհաստանի մէջ:

Մրցաշարքին մասնակցող 16 խումբերը բաժնուած են չորս խմբակի` հետեւեալ ձեւով.

Ա. ԽՄԲԱԿ.- Լեհաստան, Յունաստան, Ռուսիա եւ Չեխիա:
Բ. ԽՄԲԱԿ.- Հոլանտա, Դանիա, Գերմանիա եւ Փորթուգալ:
Գ. ԽՄԲԱԿ.- Սպանիա, Իտալիա, Իրլանտա եւ Խրուաթիա:
Դ. ԽՄԲԱԿ.- Ուքրանիա, Ֆրանսա, Անգլիա եւ Շուէտ:

Share this Article
CATEGORIES