ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. ԿԻՐԱԿԻ, 18 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԻՆ` ՄԻՆԻ ՄԱՐԱԹՈՆ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏ 2011
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, կիրակի, 18 դեկտեմբեր 2011-ին, Պուրճ Համուտի թաղամասերուն մէջ տեղի պիտի ունենայ Մինի մարաթոն Պուրճ Համուտ 2011:
Այս Մինի մարաթոնին իրենց մասնակցութիւնը կրնան բերել լիբանանահայ բոլոր աշակերտները (94/95, 96/97/98-ի ծնունդ տղաք եւ աղջիկներ):
Մինի մարաթոնի յայտագիրն է.
7:30 Հաւաք
8:00 Աղջկանց մրցումի ազդանշան
8:30 Տղոց մրցումի ազդանշան
9:30 Մրցանակաբաշխում
ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄ-Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
CATEGORIES Մարզական

