ՇԵՐԻՖ ՈՒԸՀՊԻ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՊԱՏՈՒԷ «ԻՆԹԸՐՔԱՄՓՈՍ»-Ի ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Տեղի ունեցած փորձերէն

Երկուշաբթի, 12 դեկտեմբերին Լիբանան ժամանած իտալական «Ինթըրքամփոս» ընկերութիւնը, որ մաս կը կազմէ Ինթեր Միլան ֆութպոլի ակումբին, անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին յատուկ փորձեր կատարեց եւ կարգ մը կարեւոր ցուցմունքներ տուաւ Սին Էլ Ֆիլի եւ Իսլահ Պըրժ Շիմալիի դաշտերուն վրայ տեղի ունեցած մարզումներուն, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին 200 խաղացողներ:

Այդ փորձերը կատարող գլխաւոր մարզիչն է Ալտօ Մոնթենարի:

«Ինթըրքամփոս»-ի Լիբանանի մասնաճիւղի փոխնախագահ Միսաք Նաճարեան իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ. «Իտալացի մարզիչները յատուկ փորձ-քննութիւններու ընթացքին, փորձեցին ընտրել լաւագոյնները, որոնք յատուկ բանակումի մը համար նկատի պիտի առնուին յառաջիկայ ամրան ընթացքին` Միլանոյի մէջ (Իտալիա): Այնուհետեւ պիտի ընտրուին բացառիկները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն «Ինթըրքամփոս»-ի բաժակի միջազգային մրցաշարքին»:

Պատուելու համար իտալական պատուիրակութիւնը, Լիբանանի «Ինթըրքամփոս-ի մասնաճիւղին նախագահը` Շերիֆ Ուըհպի, այսօր երեկոյեան ընթրիքի յատուկ երեկոյ մը նախատեսած է «Ռեճընսի Փալաս» պանդոկին մէջ (Ատմա):

Նշենք, որ ընթրիքի երեկոն տեղի պիտի ունենայ հովանաւորութեամբ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտարի:

Share this Article
CATEGORIES