ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ, ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

«Տեսայ, որ արդարութիւնը ստեղծել պէտք էր եւ
ազատութիւնը մոլեգնաբար յափշտակել»:
ՍԻԱՄԱՆԹՕ

 

Մարդկային անարդարութիւնը իր տարբեր հանգրուաններով, սկսեալ աստուածաբանական տեսաբանութեամբ, անցնելով պետականութեան կառոյցներու հաստատումներէ, հասնելով մինչեւ կազմակերպութիւններու եւ խմբաւորումներու գործունէութեանց, տակաւին տեղ կը գտնէ առօրեայ մեր կեանքին մէջ:

Արդարեւ, անարդարութեան գոյութեան պատճառով, իրենց բնական տեղը պիտի ունենային արդարութեան համար պայքարողներու խմբակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ:

Կազմակերպութիւններու ուժգնութիւնն ու հզօրութիւնը կը բխի այն իրողութենէն, թէ իրենք որքանով կը ներկայացնեն իրենց հարազատ շրջապատին դիմագիծը, թէ անոնք որքանով կը կիրարկեն իրենց ներկայացուցած խաւին պահանջներն ու հոգեմտաւոր ապրումները:

Հայ հաւաքականութեան արդար իրաւունքները պաշտպանողը եղած է ՀՅ Դաշնակցութիւնը. փաստը` իրաւազրկուած ժողովուրդի պահանջներէն ծնունդ առած իր գոյութիւնը. գոյութիւն մը, որուն հիմնական պատճառը արդարութիւն հաստատել ու պաշտպանել եղած է: Անոր վիճակուած է, որպէս արդարութեան պաշտպանի, յառաջապահի դիրքերը անցնիլ, եւ իրեն հետ առաջնորդուող ժողովուրդին միտքերը լուսաւորելու, զանոնք ստրկամտութենէ դուրս բերելու դերակատարութիւնը, որովհետեւ մտային յեղափոխութիւնը առաջին պայմանն է գործնական յեղափոխութեան, եւ որովհետեւ արդարութիւնն ալ գործնական յեղափոխութեան նախապայմանն է` ապագային արդարութիւն հաստատելու ուղղութեամբ:

Կասկածէ վեր է, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը արդարութիւնը պաշտպանողի դերակատարութիւնը ստանձնած է, վկայ` պատմութիւնը:

Անհերքելի իրողութիւն է նաեւ, որ ընկերային եւ տնտեսական արդարութիւն հաստատելու, ազատ, ժողովրդավար եւ բարեկեցիկ կեանքի ապահովումը երաշխաւորելու, հայ դատի հետապնդման աշխատանքները` իր տարբեր հանգրուաներով եւ արցախեան պայքարի մէջ իր ներդրումը ունենալու գործի մէջ եղած է:

Փաստօրէն, արդարութիւն մը հատատելու եւ անարդարութիւններ մերժելու կամ անոնց դէմ կռուելու պայքար մըն է որ կը մղուի այստեղ: Արդարութեան համար` արդար կռիւ մը:

Ուրեմն, պէտք է հաստատել թէ արդարութիւնն ու անոր գործնականացումը եղած են մեր գոյութեան հիմնական նպատակները: Արդարութիւնը պէտք է ըլլայ մեր ժողովուրդին կողմէ մեզի վստահուած ղեկավարութեան սկզբնակէտը, որուն անպայման կը յաջորդէ ստրկամտութեան գաղափարին մահը, ուստի` ստրկութեան վերացումը, եւ կը հասնինք իտէալ ազատութեան:

Հարկ է ամէն գնով արդարութեամբ եւ արդարամտութեամբ ուղղուիլ, ամէն գնով, եթէ հարկ ըլլայ, նոյնիսկ նուիրել մեր ամբողջ կազմակերպական կառոյցը` յանուն արդարութեան: Քաջութեամբ եւ անշահախնդիր աշխատանքով գործել, որովհետեւ դիւրաբեկ է արդարութեան պաշտպան սուրը, երբ երկչոտութեամբ ու շահախնդրութեամբ կը հարուածէ:

ՏՕՆԻԿ Տ.

ՀՈԳԵԿԱՆ ՈՉՆՉԱՑՄԱՆ ՎՏԱՆԳԻՆ ԴԷՄ

Գաղափարներ, փիլիսոփայութիւններ, տեսլականներ կը յղացուին մարդու կողմէ, ապա կը մէկտեղուին կազմելու համար ծրագիր` նոյն մարդոց եւ իրենց գաղափարակիցներուն գործունէութիւնը ուղղորդելու համար, սակայն ժամանակը եւ առօրեայ կեանքի պայմանները կարծես կու գան ճեղք մը բանալու գաղափարական աշխարհին եւ հարկադրուող մարդոց խումբին միջեւ:

Այս մէկը բնական է եւ հասկնալի: Նախ` երբ միտքը կը հպի գետնին, այնտեղ գետնի պայմանները, դժուարութիւնները եւ իրականութիւնները կը սկսին իրենք զիրենք պարտադրել, եւ կը սկսի ընթացքը դէպի պատեհապաշտութիւն, մարդիկ կը սկսին տարուիլ առօրեայ գործով ու իրենց ուշադրութիւնը կրնայ հեռանալ միւս աշխարհէն: Միւս կողմէ, սկզբնական խումբին կու գան միանալու նորեկներ: Շատ յաճախ հոս ալ ինքզինք կրնայ պարտադրել գործը, որ կը պահանջէ մարդուժ, առարկայական ուժ. դժբախտաբար նորեկներէն բոլորը չեն, որ գաղափարին գիտակցելով կամ հաւատալով կը միանան սկզբնական կորիզին: Ոմանք նոյնիսկ այլ ստորին նպատակներով կու գան միանալու: Այսպիսով հաւասարակշռութիւնը կամաց-կամաց կը փոխուի ժամանակին հետ, պայմաններուն հետ, եւ գաղափարական աշխարհի ու անոր ենթադրեալ դրօշակիրներուն միջեւ սեպը, ճեղքը կը խորանայ:

Կարելի է հասկնալ, բայց անտեսել` ոչ:  Միշտ ալ պէտք է փորձել շտկել հաւասարակշռութիւնը, առաւելագոյն չափով: Եւ այս մէկը երկրորդական նկատելը անհեռատես ըլլալ է:

ՀՅԴ ծրագիրին մէջ կարելի է գտնել կէտեր, որոնք հիմքերէն են գաղափարախօսութեան, բայց այսօր, 121 տարիներ ետք, գրեթէ անծանօթ են ե՛ւ հանրութեան, ե՛ւ կազմակերպութեան շատ մը անդամներուն: Կ՛ուզեմ ընտրել մէկը միայն անոնցմէ, այն, որ իմ հասկացողութեամբ բարձրագոյնն է, չունի իրեն համահաւասար այլ տարր կամ արժէք, ուստի կարելի չէ ըսել` «Բնական է, որ մէկը միւսէն աւելի իշխող պիտի ըլլայ տուեալ պահուն եւ պայմաներու մէջ»:

Մարդկայնութիւնը:

Չեմ յաւակնիր 121 տարեկան կազմակերպութեան գաղափարաբանութեան անունով ամբողջականօրէն խօսիլ: Այդ մէկը շատ աւելի լուրջ ծանօթութիւն եւ մասնագիտական ուսումնասիրութիւն կ՛ուզէ, քան ինչ ես ունիմ ցայսօր: Պարզապէս միայն Ծրագիրէն մեկնած` մարդկայնութեան վերաբերեալ կ՛ուզեմ ընել հետեւեալ եզրակացութիւնները եւ նշումները:

ՀՅԴ ծրագիրին մէջ յստակօրէն յայտնի է, որ հիմնական թիրախ է մարդկութեան բարօրութիւնը: Իսկ ազգերու բարօրութիւնը պայմաններէ՛ն մէկն է անոր: Այս մէկը շրջել կարելի չէ:  Անդրանիկ ծրագիրէն սկսեալ կարելի է գտնել մարդկայնական գիծը, ու այն պահուած է մինչեւ այժմու ծրագիր, ուր առաջին տողերէն արդէն կը տեսնենք «Մարդկութեան յառաջդիմութիւնը, սակայն, անկատար է այնքան ատեն որ մարդկային մտքի եւ աշխատանքի նուաճումներէն իրենց բարօրութեան համար օգտուելու հաւասար հնարաւորութիւններ չունին բոլոր անհատները, ընկերային հաւաքականութիւնները եւ ազգերը»: Մարդկութեան բարօրութիւնը նպատակ ունենալը կ՛արտացոլայ նաեւ այլ նախադասութիւններու մէջ, ինչպէս, օրինակ,  «…ազգը (…) հիմնական արժէք է եւ էական գործօն` համամարդկային զարգացման ու հոգեմտաւոր բազմակողմանի հարստացման”. նոյնպէս` «Ազգը բնաջնելու ամէն փորձ յանցագործութիւն է մարդկութեան դէմ»: Եւ այսպէս, բազմաթիւ անգամներ. ընկերվարութիւնը եւ ազգայինականութիւնը կը բացատրուին իբրեւ մարդկային ձգտումներ ու յանուն մարդկութեան բարօրութեան գործադրուելիք ուղղիներ: Ու ծրագիրը կու գայ դառնալու արտացոլումը գաղափարի մը, որ բա՛րձր է, պայծա՛ռ` իր մարդկային ձգտումներով, ու նոյն ատեն իրատես ու բնական` իր եւ միա՛յն իր սահմաններուն ընդմէջէն, հայ իրականութեան ընդմէջէն այդ բարձր համայնական արժէքներուն ձգտելու կեցուածքով:

Ինչո՞ւ շեշտել այս գիծը` մարդկայնութիւն, ինչո՞ւ գրել ասոր մասին:

Առօրեայ գործերու յաջողութեան համար  թերեւս այս մէկը այնքան ալ հրամայական չէ: Սակայն հոգեմտաւոր մակարդակի վրայ կայ նահանջ, եւ դաստիարակութեամբ պէտք է փոփոխութիւն բերել այդտեղ: Ամէն մէկ անհատի յանձնառութեան մէջ պէտք է աշխատինք ունենալ այդ մարդկայնութիւնը: Երկու հիմնական պատճառներով:

Առաջինը` աւելի խղճի հարց է թերեւս: Հիմնադիրներուն հանդէպ, այդ գաղափարի տիտաններուն հանդէպ խղճի հարց կայ. մարդիկ, որոնք մէկտեղեցին իրենց գաղափարները` անոնց վրայ կերտելու համար ծրագիր մը եւ կազմակերպութիւն մը, վստահաբա՛ր հաւատաւորն էին իրենց գաղափարաբանութեան բոլոր բաղադրեալներուն, մէկ առ մէկ: Այո՛, իրենց մորթին վրայ ազդող առարկայական պայմանները, այսինքն ազգային եւ բանուորական ցաւերն էին, որ մղեցին  զանոնք քով-քովի գալու, բայց եւ այնպէս այդ մարդիկը այդքան բարձր էին, որ չբաժնեցին իրենք զիրենք ընդհանուրէն, մարդկութենէն, եւ մարդկային մօտեցումը արժեւորեց, բարձրացուց իրենց օրուան պայքարը: Չբաւարարուիլ իրենց օրուան անվտանգութեան կամ գոյութեան պայքարով, այլ` զայն բարձրացնել ու հասցնել յաւիտենականութեան… Մեծ միտքը միայն կրնայ ընել այդ մէկը. Իր առարկայական սահմանները փշրել անցնիլ կրցող միտքը միայն: Անիկա արժանի է ոչ միայն յարգանքի, այլ նաեւ` պահպանումի:

Երկրորդը, սակայն, առարկայական հարց է: Վերոյիշեալ արժէքներու չփոխանցման եւ չպահպանման պարագային դուռեր կը բացուին սխալ եւ դատապարտելի երեւոյթներու, ինչպէս,  օրինակ, ազգայնամոլութիւնը կամ ցեղապաշտութիւնը: Կը սկսինք մտածել, թէ ինչպէս ուրիշը, մենք ալ պէտք է ձգտինք աշխարհը մերը ընելու: Կամ թէ` տէրը մենք ըլլանք, ծառան ուրիշը: «Տէր կամ ստրուկ պիտի լինիս»-ը կը դառնայ նշանաբան, ուստի ուրիշը ստրկացնելը` ընդունելի: «Ճզմիր մարդուն եւ թռիր վեր»-ով կը պատուաստուին սերունդներ… երբեմն վայրագ ուժի կիրառումը կը դառնայ պատուաբեր, կը դիտուի իբրեւ «տղամարդկութիւն»: Յաճախ լսելի են ցեղապաշտական արտայայտութիւններ: Այսպիսի երեւոյթներ կ՛երեւին նաեւ նորահաս սերունդին մօտ, այսինքն` անոնց, որոնք պիտի դառնան ապագան…ըսինք արդէն, որ բնակա՛ն է, որ ըլլան այսպիսի հոգեբանական վիճակներ,  յատկապէ՛ս` պահանջատէր ըլլալու կոչուած հաւաքականութեան մը մէջ, սակայն պէտք է կիրարկել դաստիարակութիւն: Որովհետեւ այս բոլորին դէմ է անշուշտ նոյնինքն ծրագիրը. կը կարդանք` «Մերժելի է սակայն ազգային բացառիկութեան ամէն գաղափար եւ ազգայնամոլութեան ամէն երեւոյթ` իբրեւ մարդկային ընկերութեան բնականոն զարգացումը արգելակող դրսեւորումներ»:  Նմանապէս կը գտնենք հետեւեալը. «ՀՅ Դաղնակցութեան ընկերվարական իտէալն է կերտումը հասարակութեան մը, ուր մարդը ազատագրուած ըլլայ ցեղային, կրօնական-դաւանական, ազգային, քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական ամէն տեսակ խտրականութենէ, կաշկանդումէ, բռնութենէ եւ շահագործումէ»: Այս խտրականութիւններու մերժումը դարձեալ կու գայ ազնիւ մարդկայնութենէն: Այս իսկ մտահոգութեամբ է նաեւ, որ այդ արժէքները պէտք է պահպանուին վատէն հեռու մնալու համար:

Տեղին է նշել նաեւ, թէ այս մտածողութեան պահպանումը եւ տարածումը կարեւոր են նաեւ նորահաս սերունդին վրայ ազդեցութիւն ձգելու համար, որովհետեւ այդ սերունդէն շատեր, յատկապէս` բարձր ուսում ստացածները, կը տեսնեն միայն կարծր ազգայնամոլական երեւոյթներ, չեն տեսներ գաղափարախօսութեան իսկական երեսը, չեն տեսներ բարոյական բարձր արժէք, այլ երբեմն նաեւ` հակառակը, ուստի կը խրտչին ու կը փակեն իրենք զիրենք իրենց անձնական կեանքէն ներս, մենք ալ ի զուր մեր ծունկերը կը ծեծենք ու կու լանք անոնց կորուստին վրայ:

Այս բոլորէն մեկնելով` մեր դաստիարակութեան մէջ թող յատուկ տեղ տրուի վերոյիշեալ բարձր արժէքներու փոխանցման` հեռու մնալու համար բարոյական այլասերումէն, որմէ կը զգուշացնէ պայծառ մարդն ու հայը` Քրիստափոր Միքայէլեան, իր հետեւեալ մտքերով.

«Յեղափոխական ուղին միանգամայն միջոց է Պայքարի` հոգեկան ոչնչացման ա՛յդ վտանգին դէմմիջոց` մանաւանդ կենդանի օրինակի ուժով եւ յատկապէս երիտասարդութեան մէջ` մշակելու, վառ պահելու մարդկային առաքինութիւններ, եւ պատրաստելու մարդավայել ապագան, ուր ստրկական վերապրումի հրամայականը չյաւերժացնէ պատմական չարիքը` հայուն բարոյական այլասերումը»:

Հ. Փ.

121-ԱՄԵԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹ

19-րդ դարու աւարտն է գրեթէ: Համալսարաններու մէջ, հրապարակներու վրայ, սրճարաններու սեղաններու շուրջ երիտասարդներ եւ ուսանողներ կը խօսին ու կը վիճաբանին միտքերու, ձեւերու եւ միջոցներու մասին, որոնք պիտի ծառայեն մարդկութեան շահերը եւ իրաւունքները ապահովելու գործընթացին: Փիլիսոփայութիւններ, գաղափարախօսութիւններ, մէկ խօսքով, մտային յեղափոխութիւններու ընդարձակ դաշտ մը, որ աւելի ուշ դարձաւ իրականութիւն, յատկապէս` կովկասեան երկիրներու մէջ:

Այս համամարդկային եւ ի մասնաւորի համաուսանողական մտահոգութիւններով կը տառապէր նաեւ հայ ուսանողութիւնը, եւ նոյն այս պատճառով կարգ մը ուսանողներ կը միանան օտար խմբակներու, կարգ մը կուսակցութիւններու իսկ ուրիշներ որոնց երակներուն մէջ շրջան կ՛ընէր  հայու ջինջ արիւնը, հիմնեցին հայկական խումբեր եւ կուսակցութիւններ:

Եւ այսպէս, 1890-ին Թիֆլիսի մէջ կը հիմնուի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը Քրիստափոր Միքայէլեանի, Սիմոն Զաւարեանի, Ստեփան Զօրեանի եւ խումբ մը ուրիշ ընկերներու կողմէ: Միացնելով բոլոր հայ խումբերն ու կուսակցութիւնները, 1892-ին Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր անդրանիկ ընդհանուր ժողովը կը գումարէ: ժողով մը, որուն կը յաջորդեն տասնեակ ընդհանուր ժողովներ, ուր ամէն մէկը կ՛ունենայ իր վճռորոշ դերը հայ ժողովուրդի գոյատեւման եւ բարգաւաճման մէջ, եւ իր դրոշմը ձգելով` այս ժողովներու ամբողջութիւնը կը հիմնէ արդի հայոց պատմութիւնը: Յեղափոխութեամբ ու քաղաքականութեամբ գրուած այս պատմութեան ընդմէջէն կ՛արտացոլայ մշակոյթ` դաշնակցակա՛ն մշակոյթ, որ կը դրսեւորուի գրականութեան եւ երգի ճամբով:

ՀՅԴ-ի գրականութիւնը, ինչպէս` միւս գրականութիւնները, կը բաժնուի մասերու` գաղափարական, փիլիսոփայական, կենսագրական, պատմական, վիպագրական եւ յուշագրական: Սակայն կը տարբերի միւս բոլորէն, քանի որ արիւնով, տանջանքով եւ քրտինքով է որ գրուած են այս յուշերը եւ պատմութիւնները, հազարաւոր կամաւորներու եւ ֆետայիներու նահատակութեամբ` յանուն հայ ազգի ու ժողովուրդի: Կարդալով Ռուբէնի յուշերը, Մալխասի «Զաթօնք»-ը, Ա. Գարոյի «Ապրուած օրերը», Քրիստափորի նամակները, Պետոն ընթերցողը կը սաւառնի ու կ՛երթայ Թիֆլիս ու Կովկաս` ականատես ըլլալու ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան եւ կազմութեան առաջին քայլերուն, Արեւմտահայաստան, Տարօն եւ Սասուն մասնակցելու զինատար եւ ֆետայական խմբակերուն, Մուսա Լեռ եւ Զէյթուն` կազմակերպելու համար ինքնապաշտպանական հերոսամարտեր, Արցախ եւ Շուշի ազատագրելու պապենական հողերը:

Կը ծանօթանայ հայոց երկրի աշխարագրութեան, գետերուն, լիճերուն, լեռներուն եւ քարանձաւներուն եւ ինքզինք հոն կը զգայ, ուր դաշանակցական ֆետային արիւն թափած է այդ տարածքները ապահով պահելու համար, նահատակուած` ատոնք ազատագրելու համար:

Կը հասկնայ իր նախնիներուն սովորութիւնները, փոխյարաբերութեան չափանիշները, կերակուրները, կը ծանօթանայ Մշոյ բարբարին, Սասնոյ եարխուշտային, Տարօնի տարազին: իր ժողովուրդին անցեալի կենցաղը կը գտնէ իր մէջ մեծաթիւ նմանութիւններով, որովհետեւ ինքն ալ կորիւն մըն է` առիւծ ազգէ:

Կ՛ըմբռնէ իսկական հայու եւ դաշնակցականի արժանիքները` Գէորգ Չաւուշի քաջութիւնը, Ն. Դումանի ռազմագիտութիւնը, Գ. Նժդեհի դիւանագիտութիւնը, Լիզպոնի տղոց անձնուիրութիւնը, Պետոյի համեստութիւնը… Արժանիքներ, որոնց շնորհիւ ապրած եւ գոյատեւած է այս 121-ամեայ կուսակցութիւնը եւ պիտի բոլորէ նորանոր 121-ամեակներ, որովհետեւ հայու ինքնութեան մէջ անցած են այս արժանիքները:

Արժանիքներ, որոնք հայ ժողովուրդին կու տան նոր գէորգներ, նժդեհներ, արաներ, սարգիսներ, սեդրակներ, սիմոններ եւ վաչէներ:

Սերտելով ընկերներ Հրայր Մարուխեանի, Սարգիս Զէյթլեանի, Հրաչ Տասնապետեանի եւ մեծաթիւ ուրիշ ընկերներու ճառախօսութիւնները, դասախօսութիւններն ու գրութիւնները` հայրենասիրութեան, ազգայնականութեան, ժողովրդավարութեան, ընկերվարութեան եւ յեղափոխութեան մասին, պիտի ըլլայ պատրաստ մտքով ու հոգեպէս միանալու սրբազնագոյն փաղանգին:

Դաշնակցութեան մշակոյթի մաս կազմող միւս բաժինն ալ հարիւրաւոր երգերն են: Երգեր` նուիրուած հարիւրաւոր հայդուկներու, ֆետայիներու, արդարութեան մարտիկներու եւ ազատամարտիկներու: Երգեր նուիրուած արշաւանքներու, պատերազմներու եւ յաղթանակներու: Այսօր ՀՅԴ-ի երգերը միաժամանակ բարձր կը պահեն հայ ժողովուրդին կորովն ու ռազմունակութիւնը եւ միեւնոյն ատեն վառ կը պահեն յիշատակները անմահացած ըմկերներու` մեր մտքերուն, սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ: ՀՅԴ-ի մշակոյթը թափանցած է նաեւ օտար ազգերու մշակոյթներուն մէջ: Թուրքը, քիւրտը, յոյնը, պարսիկն ու պուլկարացին կ՛երգեն ու կը պատմեն հայ ֆետայիին քաջութեան եւ սխրանքներուն մասին:

121-ամեայ այս կուսակցութիւնը կը դիմագրաւէ  բազմաթիւ դժուարութիւններ, սակայն իր մեծ հաւատքով, երկաթեայ կամքով եւ յեղափոխական մշակոյթով պիտի յաղթահարէ նորանոր անցարգելներ, շնորհելով համայն մարդկութեան «Արդարութիւն եւ ազատութիւն»: Կայսրութիւններ եկան ու անցան, նախագահներ եկան, անցան ու պիտի անցնին, սակայն Դաշնակցութիւնը կայ ու պիտի մնայ: Փա՜ռք Դաշնակցութեան, փա՛ռք անոր նահատակներուն, դէպի նորանոր նուաճումներ, դէպի Երկիր, դէպի Արեւմտահայաստան, դէպի Ջաւախք ու Նախիջեւան, դէպի Կիլիկիա…

ՆԵՐՍԷՍ ՊՈՏՐՈՒՄԵԱՆ

 

ՄԻԱՅՆ ԹԷ ՊԱՅՔԱՐԵԼՈՒ ՀԱՒԱՏՔՆ
ՈՒ ԿՈՐՈՎԸ ՉՊԱԿՍԻՆ

«Նահանջը առանց երգի»… Եթէ նոյնիսկ չենք ուզեր կարդալ Շահան Շահնուրի ամբողջ գիրքը, բաւարար է կարդանք եւ հասկնանք գոնէ միայն վերնագիրը` «Նահանջը առանց երգի»: Արդէն վերնագիրին մէջ ամփոփուած է ամբողջ կացութեան մը ցաւալի իրականութիւնը, որ մինչեւ օրս կարծես կը շարունակուի եւ գուցէ դեռ պիտի շարունակուի, եթէ պահ մը կանգ չառնենք ու չգնահատենք մեր ներկայ իրականութիւնը: Ինչպիսի՞ նահանջի մասին է խօսքը: Արդեօք «Նահանջը առանց երգին մեր ներկայ իրականութեան լաւագոյն գնահատակա՞նն է: Եթէ այո՛, ինչո՞ւ:

Պահ մը կանգ առնենք, գոնէ մի քանի վայրկեան ու մտածենք, արդեօք ինչպէ՞ս կրնանք լիիրաւ, իրապաշտ եւ պատասխանատու գնահատականը տալ մեր կուսակցական, բարեսիրական, կրօնական, կրթական, մէկ խօսքով` ազգային կառոյցներու ներկայ գործունէութեան: Ինչքանո՞վ գործունեայ եւ առողջ է ներդրուող մարդուժը: Աւելի՛ն. արդեօք մարդուժի եւ որակաւոր մարդու բացակայութիւնը ակնյայտ չէ՞ ալ: Վերջապէս, արդեօք ազգովին կը յառաջդիմե՞նք, տեղքա՞յլ կ՛արձանագրենք, թէ՞ «կը նահանջենք առանց երգի»:

Եթէ կը ծուլանանք մեր առօրեայ կեանքին մաս դարձնել այս գնահատական շատ կարեւոր աշխատութիւնը, գոնէ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան ամէն տարեդարձին, ջանանք այս հարցումներուն պատասխան գտնել եւ աշխատիլ բացթողումները սրբագրելու:

Փորձենք աւելի լաւ պատկերացնել իրավիճակը:

Մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքերը մարտավայրեր են մաքառումներու, որոնք կը գոյանան ի խնդիր իղձերու, նպատակներու, իտէալներու: Իբրեւ անհատներ, կը պայքարինք ուսման, մասնագիտութեան, պաշտօնի մը, սիրոյ, ընտանիք կազմելու, պահելու, զարգանալու, բիւրեղանալու համար… Հաւաքաբար` մենք կը պայքարինք ազգովին յառաջդիմելու, ազատութեան, ժողովրդավարութեան, իրաւունքներու տիրացման, հոգեմտաւոր զարգացման համար… Կուսակցական կեանքն ալ, որ կանոնագրուած հաւաքական կեանքի տեսակ մըն է, այս պայքարներուն զուգահեռ կը պահանջէ յաւելեալ պատասխանատուութիւն, գիտակցութիւն, կարգապահութիւն, գաղափարապաշտութիւն, նաեւ ճշդուած նպատակներու հանդէպ հաւատք ու պայքարի պատրաստակամութիւն: Այս մաքառումները անմիջականօրէն կապուած են ապագային, ապագայի մը տեսլականին: Իսկ մենք բնականաբար, ամէն մէկս իր դիտանկիւնով ու տեսլականով, կը բաղձանք լաւագոյնը մեր ապագային:

Այդ ապագային մէջ առանձին չենք սակայն, այլ մեզ հետ կայ ամբողջ հաւաքականութիւն մը, ժողովուրդ մը, ազգ մը, մարդկութիւնը ի վերջոյ: Ահա այս հաւաքական գիտակցութեամբ է, որ պէտք է մօտենալ առկայ հարցերուն եւ գծագրել ապագան:

Այսպէս, պէտք է լաւապէս գիտակցիլ, թէ կուսակցութիւնը մէկ աստիճան վեր է անհատէն, ազգը մէկ աստիճան վեր է կուսակցութենէն, եւ ի վերջոյ մարդկութիւնը ամէն բանէ վեր է, ինչպէս Զաւարեան արդէն ըսած է.- «…Գիտակից կուսակցականը չի մոռնար երբեք, որ եթէ մի կէտով, մի շահով կապուած է կուսակցութեան հետ, երկու շահով կապուած է ազգի, իր հայրենիքի հետ, աւելի մեծ ու բազմաթիւ շահերով` Մարդկութեան հետ»: Երեւի թէ այս գիտակցութիւնն է, որ մեր մէջ հետզհետէ կը պակսի, իսկ աւելի վտանգաւորը` այս պակասին դէմ պայքարելու մեր կորովն է, որ կամաց կամաց կը մարի:

Այսպէս, գալով ներկայ ընդհանուր իրականութեան, պահ մը մտածենք…

Ներկայիս համաշխարհային համակարգով, ընդհանուր պատկերին համաձայն, կեանքը այնքան առարկայական է դարձած, որ շատ մը արժէքներ (չըսելու համար մեծամասնութիւնը)  տեղի կու տան նորանոր երեւոյթներու, ալ «մարդկային ու բնական» դարձած համոզումներու մեր ընկերութեան մէջ: Նպատակը դժբախտաբար, որոշ պարագաներու կը դառնայ  ինքնին հարստութիւնը, անվերջ տնտեսական ուռճացումը, ընչաքաղցութիւնը: Սակայն ապրելաձեւի ու կենցաղի այս այլասերումը զանազան անակնկալներու կը մատնէ ընկերութիւնը եւ նորանոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը ձգէ զայն:

Այլ խօսքով, դրամատիրական ծաւալապաշտութեան ահաւոր ալիքներուն հետ, մարդկային իրականութեան մէջ մուտք կը գործեն  պատեհապաշտ մօտեցումներ, ուժի հասկացողութիւնը, ժողովրդավարական սկզբունքներու անվերջ աղաւաղումը, մտքի ազատութեան կաշկանդումը, անհատական շահախնդիր կամայականութիւնը, նիւթապաշտութիւնը եւ ասոնցմէ բխող զանազան ուրիշ երեւոյթներ:

Սակայն ամէնէն ահաւորը այս բոլորէն, հանրութեան հետզհետէ ընտելացումն է ներկայ իրականութեան, կամայ թէ ակամայ յօժարութիւնն է այս նիւթապաշտ շահախնդիր «փիլիսոփայութեան» եւ օրէ օր խորացող «անել կացութեան» համոզումը մարդոց մօտ:

Աւելի՛ն. հետզհետէ իր արմատները արձակող այս ընտելացումը ունի սոսկալի հետեւանքներ: Ան իրեն հետ կը բերէ աւելի լաւին համար պայքարելու կորովի նսեմացում, ամէն «նորոգելու, բան մը փոխելու» քայլէ առաջ կանխաւ հոգեկան պարտութիւն, տկարամիտ նկարագիր, մենաշնորհեալ-հետեւորդ հասկացողութեան հաստատում, գաղափարապաշտութեան անպտղութեան համոզում… Մէկ խօսքով` վատառողջ դրութիւն մը, որ պիտի խափանէ հոգեմտաւոր հաւաքական յառաջդիմութիւնը եւ պիտի սատարէ բարձր իտէալներու պարտութեան ու նիւթի յաղթանակին:

Որեւէ կուսակցութիւն կամ որեւէ այլ կառոյց ու կազմակերպութիւն ըլլալով հաւաքական կեանքի մէկ տեսակը, այս վատառողջ երեւոյթներուն ու հոսանքներուն ազդեցութեան ու վտանգին տակ կրնայ ըլլալ:

Անոնց մէջ հասակ նետող ընդհանուր առմամբ երիտասարդին իտէալը գերմարդկային ոգեղէն էակ մը չէ, բարոյական բիւրեղացումը չէ, հոգեմտաւոր ազատութիւնը չէ, այլ այս կամ այն հողեղէն մեծահարուստը, այս կամ այն նիւթեղէն պաշտօնը, փառքը… Մէկ խօսքով նիւթը դարձած է ահռելի քաշողական ուժ մը, որ իր շուրջ կը համախմբէ գրեթէ ամէն մարդ:

Այս բոլորը թէ՛ հետեւանք եւ թէ՛ պատճառ են բացթողումներու, որոնց հիմնադիրները գուցէ եղան մեր նախնիները եւ մենք պիտի ըլլանք զանոնք զարգացնողները, եթէ նոյնպէս շարունակենք:

Ահա այս բոլորը գիտնալով ու զգալով է, որ ի յայտ կու գայ առողջ դաստիարակութեան մը պակասն ու անհրաժեշտութիւնը: «Դաստիարակութի՛ւն, որ ազգային հզօր զգացումով եւ արթուն գիտակցութեամբ զինէր հայութիւնը, որ արիացնէր եւ դառնար մայրը բարձր ժողովրդասիրութեան եւ գաղափարապաշտութեան, մղէր ընդհանուրի շահը միշտ էլ գերադասել անձնականից, թելադրէր անհատին ընդհանուրի երջանկութեան մէջ փնտռել իր անձնական երջանկութիւնը, մտատրամադրէր բոլորին, բոլորին` աւելի պարտականութեանց տէր զգալ իրենց, քան իրաւունքների, որ իրականցնէր սոցիալական հնարաւոր արդարութիւնը մեր ժողովուրդի մէջ ¬ միակ պատճառը անարիների, ընչազուրկների եւ վատերի չգոյութեան, ասել է եւ հայրենիքների անպարտելիութեան: Դաստիարակութի՜ւն, որ հոգեփոխէր եւ փրկէր մեր ժողովուրդը»,- ինչպէս պիտի ըսէր Նժդեհը:

Մեզի` յատկապէս իբրեւ նոր սերունդ, կը մնայ  գիտակցիլ վտանգին, ամէն գնով մերժել նահանջի որեւէ քայլ եւ չընտելանալ կայացած համակարգին, այլ միշտ ձգտիլ լաւին, ըլլալ «խանդավառ իտէալիզմի մարդ»-անհատներ:

Մեզի կը մնայ մեր շարքերուն մէջ պատրաստել ապագայի ղեկավարները` զարկ տալով մեր առողջ դատողութեան,  հոգեմտաւոր զարգացման ու իմացականութեան, եւ վառ պահելով հաւատքը մեր հաւաքական նպատակներուն հանդէպ:

Վերջապէս մեզի կը մնայ աշխատիլ, որ մարդկային առողջ զարգացման խափանարար երեւոյթները մուտք չգործեն մեր կառոյցներուն մէջ, յատկապէս կուսակցութեան, գիտակցօրէն եւ յարատեւօրէն պայքարելով, թերեւս եւ սերունդներ նկատի ունենալով, քանի եթէ պայքարելու մեր հաւատքն ու կորովն ալ կորսնցնենք, ալ ոչինչ կը մնայ մեզի իբրեւ արժէք, որովհետեւ պայքարիլը ինքնին արժէք է եւ շարժող ուժ: Քրիստափոր, որ պատմութեան էջերէն մեզի պատգամած է. «Յարատեւ կռիւ,- յաճախ եւ երկար ժամանակ գուցէ անյաջող, չնայած երբեմն նոյնիսկ իր լայն ծաւալին,- ահա՛ թէ ուր է մեր փրկութեան բանալին: Պահպանե՛նք, շարունակե՛նք կռիւը, որպէսզի լայնանայ, ընդարձակուի եւ ընդարձակուելով յարատեւի.- ահա՛ դէպի մեր նպատակը տանող միակ ճանապարհը»:

«Չըլլայ որ թմրիս անցեալի փառքերով: Հաւատք եւ յարատեւ ճիգ, որպէսզի բան մըն ալ դուն աւելցնես անոնց վրայ` իբրեւ նոր սերունդ – Շաւարշ Միսաքեան

ՆԱԶԱՐԷԹ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES