ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինը այս շաբթուան ընթացքին այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Հայ կաթողիկէ հոգեւոր տէր Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին եւ Միջին Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանին:

100-ամեակի մարմնի անդամները հոգեւոր պետերուն ներկայացուցին մարմնի գործունէութեան ընդհանուր ուղղութիւնները: Անոնք արծարծեցին համագաղութային մակարդակի վրայ ցեղասպանութեան թեմայով տեղի ունենալիք զանազան տեսակի նախաձեռնութիւնները համադրելու կարելիութիւնները եւ աշխատանքները ընդհանուր ռազմավարութեան մէջ տեղադրելու անհրաժեշտութիւնը:

Հայ հոգեւոր պետերը  գոհունակութիւն յայտնեցին գաղութի հիմնական կառոյցներու ներկայացուցիչներու համախմբուած աշխատանքին երեւոյթին առիթով եւ մաղթեցին, որ ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծիրին մէջ կատարուելիք պահանջատիրական, քարոզչական, հրատարակչական թէ տարբեր բնոյթի աշխատանքները ստանան նպատակաուղղուած ընթացք:

 

 

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ
100-ԱՄԵԱԿԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ

Share this Article
CATEGORIES