ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՔԱՅԼՈՎ ՄԸ ՌՈՒՍԻԱ ՍՈՒՐԻՈՅ ՇՈՒՐՋ ԲԱՆԱՁԵՒ ՄԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ
Ռուսիա միջազգային ընտանիքը անակնկալի մատնելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուց Սուրիոյ շուրջ բանաձեւ մը, որ կը դատապարտէ Սուրիոյ մէջ «բոլոր կողմերուն» գործած բռնարարքները եւ սուրիական իշխանութիւնները կը մեղադրէ «ուժի անհամաչափ կիրարկման համար»:
ՄԱԿ-ի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ժերար Առնօ անմիջապէս հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով Ռուսիոյ կատարած քայլը «մեծ իրադարձութիւն» նկատեց: Ան ըսաւ, որ «կը կարծեմ, որ այսօրուան իրադարձութիւնը մեծ իրադարձութիւն մըն է, որովհետեւ Ռուսիա վերջապէս որոշեց դուրս գալ իր անգործութենէն եւ Սուրիոյ շուրջ բանաձեւ մը ներկայացնել», սակայն աւելցուց, որ «մեզի ներկայացուած բանաձեւը անշուշտ բազմաթիւ բարեփոխումներու կը կարօտի, որովհետեւ հաւասարակշռութենէ զուրկ է: Բայց եւ այնպէս, բանաձեւը պիտի ըլլայ այն հիմքը, որուն շուրջ պիտի բանակցինք»:
Ֆրանսայի վարչապետ Ֆրանսուա Ֆիոն յոյս յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը մօտ օրէն կարենայ սուրիացի ժողովուրդի «տառապանքներուն» վերջ տալ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յայտնեց, որ «բանաձեւը ունի քանի մը երեւոյթներ, որոնց չենք կրնար աջակցիլ: Դժբախտաբար, անիկա կառավարութեան եւ խաղաղ ցուցարարներուն միջեւ տեսական հաւասարութիւն կը դնէ: Բայց եւ այնպէս, յոյս ունինք, որ կարենանք ռուսերուն հետ աշխատիլ, որովհետեւ անոնք գոնէ առաջին անգամ ըլլալով ընդունեցին, որ սուրիական հարցը պէտք է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ քննարկել»:
Ան նաեւ նշեց, որ Ուաշինկթըն «սուրիական զարգացումներուն արձագանգելու նախաձեռնութիւնը» ստանձնած Արաբական լիկային բանաձեւ պիտի ներկայացնէ: Նշենք, որ արաբ արտաքին գործոց նախարարները այսօր Տոհայի մէջ ժողով մը պիտի գումարեն` քննարկելու համար Սուրիոյ հարցը:
ՄԱԿ-ի մէջ աշխատող դիւանագէտները յոյս ունին, որ ռուսական բանաձեւի քննարկումները սկսին յառաջիկայ օրերուն:
Միւս կողմէ, բարձրաստիճան աղբիւր մը «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ «Պրիւքսելի մէջ Եւրոպա-Ռուսիա վեհաժողովի քննարկումներուն ընթացքին եւրոպական կողմը Սուրիոյ շուրջ միջազգային որոշումի մը հրապարակման կարեւորութիւնը շեշտած է»: Աղբիւրը նշեց, որ «Ռուսիա կրնայ կացութեան շուրջ միջազգային որոշումի մը հրապարակումը ընդունիլ, սակայն պայմանաւ որ արտաքին որեւէ միջամտութիւն չարտօնէ», որովհետեւ Ռուսիա «տակաւին Լիպիոյ պատերազմին փորձառութենէն դառնացած է»:
Ինչ կը վերաբերի լիկայի խորհուրդի այսօրուան ժողովին, Գահիրէի մէջ դիւանագիտական աղբիւրներ «Հայաթ»-ին յայտնած են, որ «թրքական կողմը Գահիրէի մէջ նախարարական խորհուրդի վերջին ժողովին ընթացքին պայման դրած է, որ արաբական «կանաչ լոյս» ապահովուի, որպէսզի ապահովական գօտիի հարցով շարժի»:
Քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթը հրապարակեց Սուրիոյ մէջ արտաքին միջամտութեան շուրջ Սուրիոյ ազգային խորհուրդին պատկերացումը, որ Քլինթընին ներկայացուած էր: Ըստ փաստաթուղթին, սուրիական ընդդիմադիր խորհուրդին նախընտրութիւնն է ստեղծումը թրքական սահմանին մօտ գտնուող Ժիսր Շուղուր շրջանէն Միջերկրական ծով երկարող շրջանին մէջ քաղաքայիններու պաշտպանութեան համար «ապահով գօտիի» մը, որ «Սուրիոյ Պենկազին» ըլլայ: