17 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԸ` ՏՕՆ Ս. ՅԱԿՈԲ ՄԾԲՆԱՑԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ
ՐԱՖՖԻ ՔԻՒՐՔԼԵԱՆ
Սուրբերու կեանքը ճշմարիտ աստուածաճանաչողութեան եւ ատով իմաստաւորուած կեանք ապրելու հրաւէր է համայն մարդկութեան:
Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ տօնաշարքին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ տօնը Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետին, որ Նիկիոյ Տիեզերական ժողովի նշանաւոր հայրերէն մին եղած է: Ասորի եկեղեցւոյ չորրորդ դարու հռչակաւոր հայրապետն է Ս. Յակոբ Մծբնացի: Ան կ՛ապրէր խիստ ճգնաւորական կեանք մը եւ սքանչելի քարոզչութիւն կ՛ընէր:
Համաձայն հայկական աւանդութեան, ան հօրաքրոջ որդին էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի: Այդ պատճառով շատ սիրելի սուրբ մըն է հայոց համար: Նաեւ իր անունին նուիրուած կան բազմաթիւ հայկական եկեղեցիներ: Ս. Յակոբ դաստիարակուած է Կապադովկիոյ Կեսարիա քաղաքին մէջ: Չափահասութեան կ՛երթայ Պարսկաստան, ապա կ՛անցնի Միջագետք եւ լեռներու վրայ առանձնական կեանք մը կը վարէ: Կ՛ըսուի, թէ ան կ՛ուտէր միայն վայրի ծառերու պտուղներն ու բանջարեղէն, նաեւ կը հագուէր այծի մորթ եւ բոկոտն, շրջելով ժողովուրդին կը խօսէր հոգեշունչ քարոզներ: Աղօթքն ու սաղմոսն էին անոր մնայուն մրմունջները: Եւ ի վերջոյ կը հաստատուի Մծբին քաղաքին մօտ գտնուող Մարուքէ ճգնաւորական վանքը:
Նոյեան տապանի պատմականութիւնը փաստելու համար Ս. Յակոբ կը ճամբորդէ Հայաստան եւ կ՛որոշէ բարձրանալ Մասիս լեռ: Գիշեր մը Աստուծոյ հրեշտակը տապանէն կտոր մը կը բերէ իրեն:
Ան կ՛առնէ սրբազան մասունքը եւ մեծ ուրախութեամբ կը դառնայ Մարուքէի մօտ: Ս. Յակոբ Մծբինի աթոռին համար եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի Անտիոքի Միլիտոս հայրապետէն: Ապա 325-ին կը մասնակցի Նիկիոյ Տիեզերական ժողովին, ուր հայոց կողմէ ներկայ էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի որդին` Ս. Արիստակէս: Մծբինի մէջ, շնորհիւ Ս. Յակոբի, գեղեցիկ քարոզչութիւններուն ճամբով քրիստոնէութիւնը կը տարածուի, եւ շատ շատեր անոր օրինակին հետեւելով կ՛ընդունին քրիստոնէութիւնն ու կը մկրտուին: Սուրբը Աստուծոյ շնորհիւ կը կառուցէ եկեղեցի մը, որուն տեղն ու չափը տեսիլքի միջոցով կը յայտնէ Աստուծոյ հրեշտակը:
Հետաքրքրական է, որ թէ՛ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ թէ՛ Ս. Յակոբ նոյնանման տեսիլքներու հիմամբ կը կառուցեն եկեղեցի: Աւանդութեան համաձայն, Տէրը Ս. Յակոբի միջոցով բազմաթիւ հրաշքներ գործած է: Անոնցմէ ոմանք զարմանք եւ երկիւղ յառաջացուցած են զինք շրջապատող մարդոց: Շատ անդամալոյծներ եւ հիւանդներ բժշկած է: Ս. Յակոբի գրիչին կը պատկանին աստուածաբանական եւ կրօնաբարոյախօսական ճառեր եւ գրութիւններ: Ս. Գրիգոր Նարեկացի վարդապետ իր մասին գրած է գովաբանական ճառ մը, իսկ Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետ անոր նուիրած է «Յաղթող եւ Ս. հայրապետ» շարականը:
Արդ, Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետի յիշատակի ոգեկոչումը առիթ է մեզի` Հայաստանեայց եկեղեցւոյ զաւակներուս, վերաշխուժացնելու քրիստոնէական մեր հաւատքը եւ կատարելու մեր ուխտն ու հաւատարմութիւնը սուրբին կեանքով արտայայտուած աւետարանական ճշմարտութիւններուն, ինչպէս նաեւ այդ կեանքին առնչուած հայրենական բարեպաշտական աւանդութիւններուն նկատմամբ իբրեւ ներշնչիչ ու գօտեպնդիչ ազդակ մեր հայ ժողովուրդի զաւակներուն:
«Գանձասար»