ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի ներում հայցեց նախանցեալ օրուան խորհրդարանի նիստին ընթացքին իր արտասանած անվայել արտայայտութեան համար: Ան նշեց, որ յանձնառու մնալով Հըզպալլայի բարոյական արժէքներուն` ինք ներում կը հայցէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն եւ բոլոր երեսփոխաններէն:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուիի հայցած ներումը կը նուիրէ լիբանանցի ժողովուրդին եւ ժողովրդավարութեան` աւելցնելով, որ անիկա Հըզպալլայի կողմէ ուրիշը ընդունելու նախաքայլը կը նկատուի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն շեշտեց, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի քաղաքական հարցերու խորհրդական, նախարար Ալի Հասան Խալիլի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի քաղաքական օգնական Հիւսէյն Խալիլի միջեւ եռակողմանի հանդիպումին ընթացքին լուծուած են բոլոր տարակարծութիւնները եւ համաձայնութիւն գոյացած է աշխատանքային նոր մեքանիզմի մը շուրջ:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Մատինա» օրաթերթին համաձայն, Քայիտայի «Ապտալլա Ազզամ» փաղանգէն բջիջներ մուտք գործած են Լիբանան` գործադրելու համար քաղաքական սպանութիւններ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով նախագահական պալատի աղբիւրներէն, նշած է, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ յարաբերութիւնը լաւ է` աւելցնելով, որ տակաւին երէկ երեկոյեան երկու ղեկավարները ունեցած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը եւ քննարկած Լիբանանը յուզող հարցերը:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել «Ախպար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Լիբանանի բանտերը նմանցուց ցնցոտիի մը, որ տեղէ մը կը կարես, այլ տեղէ կը պատռուի:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» հոսանքի երեսփոխան Անթուան Անտրաուոս յայտնեց, որ Պքերքէի հանդիպումը աւանդութիւն մըն է` աւելցնելով, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին նախկին փորձառութիւնները վստահութիւն չեն ներշնչեր:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ուսումնասիրութեան եւ հետազօտութեան կեդրոնի նախագահ Ապտօ Սաատ յայտնեց, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը քրիստոնեաներուն 53 երեսփոխան կ՛ապահովէ քրիստոնեաներուն քուէներով` աւելցնելով, որ Պքերքէ կը զօրակցի այդ օրէնքին:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Լիբանան վերադարձը մեծ վտանգ պիտի ըլլայ` նկատի ունենալով անոր կեանքին դէմ ուղղուած սպառնալիքները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի անդամ, երեսփոխան Ռիատ Ռահհալ կոչ ուղղեց վարչապետին եւ կառավարութեան հրաժարելու, որպէսզի իրենք հանգստանան, լիբանանցիները հանգստացնեն եւ առիթ տան, որ չափաւորականները իշխեն:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ մէջ բնակող արեւմուտքցի դիւանագէտ մը «Լիուա» օրաթերթին յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու առնչութեամբ Հըզպալլայի հաւանութեան նպատակն էր երաշխաւորել կառավարութեան գոյատեւումը:

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն յայտնեց, որ յառաջիկայ 27 դեկտեմբերին տեղի ունենալիք ընդհանուր գործադուլը տակաւին առկայ է: Ան նշեց, որ եթէ աշխատավարձի յաւելումները վերատեսութեան չենթարկուին, ապա այդ գործադուլը պիտի գործադրուի:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատիէն խնդրած է սերտել պենզինի թիթեղի սակին տրամադրուելիք պետական նիւթական նպաստ տրամադրելու կարելիութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ դրամատուներու միութիւնը որոշեց ստանձնել վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման համար յատկացուած գումարը, որ տրամադրուած էր Արտակարգ իրավիճակներու գերագոյն խորհուրդի պիւտճէէն:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Թուֆիքը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք բարելաւելու հեռանկարները:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Ասիրիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ մազութի սակին վրայ պարտադրուած յաւելուած արժէքի տուրքը ջնջելու կառավարութեան որոշումը նուաճում մըն է, որ պիտի ունենայ բաւական լաւ արդիւնքներ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ամալ շարժումը, Հըզպալլան եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը համաձայնած են իրենց եռակողմանի դաշինքը բարելաւել եւ յաւելեալ բծախնդրութեամբ համագործակցիլ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա չի դժգոհիր հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն գոյութենէն:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ աշխատավարձերը սրբագրելու իմաստով աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհասի ծրագիրը բարեկարգումի արմատական ծրագիր մըն է, որ պէտք է վաւերացուի:

 

Share this Article
CATEGORIES