ՄՈՀԱՄԵՏ ՌԱԱՏ. «ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ ԽԱԽՏՈՂ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ՄԻՋԱԴԷՊԵՐԸ ԿԸ ՎՆԱՍԵՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԵՒ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը յանձնառու կը մնայ երկրին ապահովական կայունութեան եւ լիբանանցիներուն շահերը պաշտպանելու իր պատասխանատուութեան:
Ռաատ խստիւ դատապարտեց երկրին մէջ արձանագրուած ապահովական լուրջ միջադէպերը, որոնց շարքին է հարաւային Լիբանանէն կատարուած հրթիռարձակումը, որ կը վնասէ երկրին կայունութեան եւ լիբանանցիներուն շահերուն:
Ռաատ շեշտեց, որ այդ հրթիռարձակումը ամէնէն աւելի կը վնասէ Դիմադրութեան:
CATEGORIES Լիբանանեան

