ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՂԻՒՍ ԱՐՏԱԴՐՈՂ ԳՈՐԾԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՍԵՓԱԿԱՆԱՏԷՐԵՐՈՒՆ ՄԷԿ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց շինարարութեան նպատակով օգտագործուելիք պատրաստ աղիւս արտադրող գործարաններու սեփականատէրերու մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց աղիւսի արտադրութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Հանդիպումին ընթացքին նախարար Սապունճեան յայտնեց, որ նախարարութիւնը պիտի շարունակէ ուղղակի հաղորդակցութեան մէջ ըլլալ եւ խորհրդակցութիւններ կատարել ճարտարարուեստի մարզի բոլոր հաստատութիւններուն եւ արդիւնաբերողներուն հետ:
Ան ընդգծեց նաեւ, որ նման ճարտարարուեստական աշխատանքի միակ երաշխիքն է օրէնքի գործադրութիւնը, ինչպէս նաեւ ճարտարարուեստի յատուկ շրջաններու կառուցումը, որպէսզի առաջքը առնուի կենսոլորտի ապականումին:
CATEGORIES Լիբանանեան

