ՊԵՏԱԿԱՆ ՇՈՒՐԱՆ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՃՇԴԱԾ ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԻ ՅԱՒԵԼՈՒՄԸ

Պետական շուրան` նախագահութեամբ դատախազ Շուքրի Սատերի եւ խորհրդական դատախազներ Զիատ Շպիպի եւ Ռիթա Քարամ Ազզիի, երէկ վաւերացուց կառավարութեան ճշդած աշխատավարձերու յաւելումը, պայմանաւ որ կառավարութիւնը աշխատավարձերու յաւելումին կողքին կատարէ նաեւ սղաճի համեմատութեան յաւելումը:

Այսինքն` մինչեւ մէկ միլիոն լ. ոսկի աշխատավարձ ստացողին յատկացնել 30 առ հարիւրի համեմատութիւն, որ 200 հազար լ. ոսկիէն աւելի չըլլայ, իսկ մէկ միլիոն լ. ոսկի աշխատավարձ ստացողին տրամադրել 20 առ հարիւրի յաւելում, որ  75 հազար լ. ոսկիէն աւելի պէտք չէ ըլլայ:

Այս ծիրին մէջ աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհաս անմիջապէս նամակ մը յղեց նախարարաց խորհուրդի քարտուղարութեան` պահանջելով, որ աշխատավարձերու սրբագրումին վերաբերող Պետական շուրայի առաջարկը նկատի ունենայ իր յաջորդ նիստին ընթացքին եւ վերատեսութեան ենթարկէ անցեալ 7 դեկտեմբեր 2011-ին իր տուած որոշումը` նուազագոյն աշխատավարձին եւ սղաճի սանձումին մասին:

Նահհաս պահանջեց այս թղթածրարը առաջնահերթ նկատել, որպէսզի կարելի ըլլայ աշխատավարձի յաւելումներուն վերաբերեալ յստակ բարեփոխումներ կատարել եւ տարին չաւարտած պետական պաշտօնաթերթին մէջ հրատարակել այդ որոշումը:

Աշխատանքի նախարարը ողջունեց Պետական շուրայէն բխած այս որոշումը` ընդգծելով, որ անիկա առիթ կու տայ սրբագրելու 1995-էն ի վեր կուտակուած ապօրինութիւնները, որոնք արձանագրուած են քաղաքացիներուն աշխատավարձի յաւելումներ տրամադրելու գծով:

Շարպել Նահհաս ընդգծեց, որ այսօրուան պայմաններով կարելի է ոչ միայն բարելաւել աշխատավարձերու յաւելումը, այլեւ` այդ յաւելումը օրէնքի ուժով անձեռնմխելի դարձնել:

Իր կարգին, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս ողջունեց աշխատավարձերու յաւելման առումով  Պետական շուրայի որոշումը:

«Ախպար եաում» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին` անդրադառնալով այն դիտարկումին, թէ աշխատաւորները տակաւին կը մերժեն այդ որոշումը, Նահհաս ըսաւ. «Պէտք է լաւ մտածել եւ ճշգրիտ գնահատում կատարել երկրին տնտեսութեան եւ լիբանանեան պետութեան կարողութիւններուն մասին: Պէտք է ըմբռնել, որ կառավարութեան տրամադրած յաւելումը կը դրսեւորէ անոր կարողութիւնը: Բոլորը պէտք է հասկնան, որ կարեւորագոյնը մեր կարողութիւնն է եւ ոչ թէ մեր փափաքը»:

 

Share this Article
CATEGORIES