«ՈՉ ՈՔ ՊԷՏՔ Է ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԵՏԻՆ ՊԱՀՈՒԸՏԻ` ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ ԽԱՆԳԱՐԵԼՈՒ ՆՊԱՏԱԿՈՎ» Կ՛ԸՍԷ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ «Ախպար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը երկրին քաղաքական եւ տնտեսական առողջութեան ողնասիւնը կը կազմէ:
Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ Լիբանան պէտք է յարգէ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը, ինչպէս նաեւ զգուշ ըլլայ իր դէմ նիւթուող համայնքային եւ յարանուանական սադրանքներէն:
Պատասխանելով սուրիական իրադարձութիւններուն վերաբերող հարցումի մը` վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ ինք չի փափաքիր Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջամուխ դառնալ` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ ոչ ոք պէտք է շրջանային եւ յատկապէս Սուրիոյ զարգացումներուն ետին պահուըտի` Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը խանգարելու նպատակով:
Միւս կողմէ, նշենք, որ յառաջիկայ յունուարի կիսուն վարչապետ Միքաթի պիտի ընդառաջէ Ֆրանսա այցելութեան հրաւէրի մը:
Ֆրանսա կատարելիք իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին վարչապետ Միքաթի Էլիզէի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի հետ:
Կը նախատեսուի, որ վարչապետ Միքաթի Փարիզի մէջ քննարկէ լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի տնտեսական, ելեւմտական եւ վարչական մարզերուն վերաբերող շարք մը հարցեր: