ՊՔԵՐՔԷԻ ՄԷՋ ՄԻՋՄԱՐՈՆԻԱԿԱՆ ԸՆԴԱՐՁԱԿ ՆԻՍՏԸ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ

Միջմարոնիական ընդարձակ նիստին մասնակիցները

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հովանաւորութեամբ, երէկ առաւօտեան Պքերքէի մէջ տեղի ունեցաւ միջմարոնիական ընդարձակ հանդիպում մը, որուն ներկայ գտնուեցան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ եւ շարք մը երեսփոխաններ ու մարոնի բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ:

Շուրջ չորս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ընտրական օրէնքին վերաբերող օրինագիծի տարբերակներ, յատկապէս համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած օրինագիծ մը վաւերացնելու առումով:

Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն նշուեցաւ, որ Պքերքէի կողմէ ընտրական օրէնքի ծրագիրը քննարկող յանձնախումբը պիտի շարունակէ իր աշխատանքը եւ Յոյն ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին մանրամասնութիւնները պիտի քննարկէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն հետ` նկատի ունենալով, որ միջմարոնիական հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերած քաղաքական կողմերը այդ օրինագիծը նկատեցին արդար ներկայացուցչութիւն ապահովող գործնական օրէնք մը, որ իսլամ եւ քրիստոնեայ համայնքներուն իրաւունքները հաւասարապէս կ՛ապահովէ եւ կը պահպանէ լիբանանեան ազգային գոյակցութիւնն ու համերաշխութիւնը:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Պքերքէի մէջ պիտի շարունակուին այս տիպի հանդիպումները:

Պքերքէէն բխած հաղորդագրութիւնը ընդգծեց, որ ընտրական օրէնքին նպատակն է նաեւ կատարել այնպիսի ընտրութիւններ, որոնք կը դրսեւորեն ժողովրդային կամքն ու իսկական համագործակցութիւնը` հիմնուելով հաւասարութեան սկզբունքին վրայ:

Հաղորդագրութիւնը ընդգծեց, որ ընտրական օրէնքին պարագային անիկա ուղղակիօրէն կապուած է լիբանանեան Ազգային ուխտին ու սահմանադրութեան եւ ոչ մէկ առնչութիւն ունի քաղաքական եւ ժողովրդագրական յատկանիշերու հետ:

«Լիբանանի Ազգային ուխտով եւ սահմանադրութեամբ ճշդուած` երկրին խորհրդարանին մէջ իսլամ եւ քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչներու հաւասար թիւը պէտք չէ խախտել, որպէսզի լիբանանեան վարչակարգն ու կայունութիւնը ցնցումներ չապրին: Իսկ մէկ հայրենիք կերտելու գաղափարը պէտք է ըլլայ միացեալ հաւատք ու համոզում, առանց որոնց լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը կ՛ենթարկուի լուրջ խախտումի», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Հաղորդագրութիւնը նկատել տուաւ նաեւ, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նաեւ քրիստոնէական շրջաններուն մէջ հողերու վաճառքի հարցը, պետական հաստատութիւններուն մէջ քրիստոնեաներուն իրավիճակը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ծագում ունեցող արտերկրի լիբանանցիներուն քաղաքացիութիւն շնորհելու որոշումը:

Նշենք, որ երեկոյեան Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին:

Share this Article
CATEGORIES