ՏՕՆԱԿԱՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ՄԷՋ. «Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸՆԷՐ ՅԻՍՈՒՍ». ԱՀԱՒԱՍԻԿ ՆՈՐ ԿԱՐԳԱԽՕՍ ՄԸ
ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ, ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԵՒ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿԻ ԲԱՐԵԼԱՒՈՒՄԻ ՀԱՄԱՐ ՆՍՏԱՑՈՅՑԵՐ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՂ «ԳՐԱՒԵԼՈՒ» ՇԱՐԺՈՒՄԸ ՆՈՐԱԳՈՅՆՆ Է, ՈՐ ԿԸ ԳՈՐԾԱԾԷ «ՈՒԱ՞Թ ՎՈՒՏ ՃԻԶԸԶ ՏՈՒ» ԿԱՐԳԱԽՕՍԸ. ԵՐԵՒՈՅԹ ՄԸ, ԶՈՐ ՔԵՆԹԸՐՊԸՐԻԻ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆ ԻՍԿ ՀԱՐՑԱԿԱՆԻ ՏԱԿ ԱՌԱԾ Է: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՊԵՂԷ, ԹԷ ՈՒՐԿԷ՛ ԿՈՒ ԳԱՅ ԱՄԷՆ ՏԵՂ ՆԵՐԿԱՅ ԱՅՍ ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄԸ, ԵՒ ԹԷ` ԱՐԴԵՕՔ ԵՐԲԵՒԻՑԷ ՈՐԵՒԷ ՊԱՏԱՍԽԱՆ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱ՞Յ ԴՐՈՒԱԾ ՀԱՐՑԻՆ:
Ինչպէս բոլոր այն կարգախօսները, որոնք կը գոյատեւեն, «ուա՞թ վուտ Ճիզըզ տու» հարցադրումը ներշնչման աղբիւր է անհամար վիճակներու մէջ:
Քաղաքական շրջագիծի մէջ` պատերազմի դէմ կեցուածքներ արտայայտող թի. շըրթներու վրայ կը կարդանք. «Հո՞ւ վուտ Ճիզըզ պոմպ» (Յիսուս որո՞ւ վրայ ռումբ պիտի նետէր): Ձաղկումի բնոյթ կրող այս արտայայտութենէն անդին` կարգախօսը կը գործածուի մինչեւ Աստուածաշունչի «սննդականոնի» մէջ` հետեւեալ հարցադրումով. «Ի՞նչ պիտի ուտէր Յիսուս»:
Սկզբնական հարցումը` «ի՞նչ պիտի ընէր Յիսուս» լրջօրէն որդեգրուած է միլիոնաւոր քրիստոնեայ պատանիներու կողմէ, որոնք զայն կը կրեն իրենց հանդերձանքին վրայ` իբրեւ իրենց կեանքը ճիշդ ձեւով ապրելու յիշեցում: Սակայն այժմ անիկա որդեգրուած է Լոնտոնի Ս. Փոլ մայր եկեղեցիին դիմաց մնայուն նստացոյց կատարող ցուցարարներուն կողմէ, որոնք կը դիմագրաւեն բռնի վտարուելու սպառնալիքը:
Մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու մէջ, նաեւ` այլուր, այս կարգախօսը ներկայ է ապարանջաններու վրայ եւ թէյի գաւաթներու, թի. շըրթներու վրայ եւ ինքնաշարժի սթիքըրներու, մանեակներու վրայ եւ օղերու, թէեւ անոնց մեծ մասը յայտնապէս այլեւս չի ծառայեր զանոնք կրողներուն որեւէ բան յիշեցնելու:
Աւելի՛ն. գոյութիւն ունի այս հարցումին ներշնչումով ստեղծուած խառնարան մը: Օրինակ`
«Ի՞նչ բան պիտի կրճատէր Յիսուս» («Ուաշինկթըն փոսթ»ի մէկ վերնագիրը` Միացեալ Նահանգներու պետական պարտքերու վէճերուն վերաբերեալ):
«Ի՞նչ բան պիտի քանդէր Յիսուս» (վերնագիրը` յետ արդի ժամանակներու աստուածաբանական գիրքի մը` հեղինակութեամբ Ճոն Քափութոյի եւ Պրայըն ՄքԼարենի):
«Ի՞նչ պիտի ընէր Օտրի» (ակնարկութիւն` Օտրի Հեփպըռնի ոճով կենցաղավարութեան ուղեցոյց գիրքի մը` հեղինակութեամբ Փամելա Քէոկի):
«Ի՞նչ պիտի ընէր Կուկըլ» (վերնագիրը` Ճեֆ Ճարվիսի մէկ գիրքին):
«Ո՞վ կը փափաքի Ճեք Տանիելզ» (հռչակաւոր ոգելից ըմպելիին ակնարկութիւն` թի. շըրթներու վրայ):
Նաեւ տրամադրելի են «ուա՞թ վուտ Ճիզըզ տու» կարգախօսով արջուկներ, ճաշամաններ, ներքնազգեստներ, նորածիններու կրծկալներ, եւ այլն:
ԵՐԿԱՐ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
Հարցումը ունի երկար անցեալ մը: 1896-ին Քանսասի հովուապետը` Չարլզ Շելտըն հրատարակած էր վէպ մը` «Ին հիզ սթեփս. ուա՞թ վուտ Ճիզըզ տու» վերնագիրով: Անիկա կը պատմէ գիւղաւանի մը մասին, որ կը յեղափոխականանայ, երբ քրիստոնեաներ «իրենք իրենց խոստում կու տան ամբողջ տարի մը ջերմեռանդօրէն եւ անկեղծօրէն ոչ մէկ բան ընելու` նախքան առաջադրելը հետեւեալ հարցումը. «Ուա՞թ վուտ Ճիզըզ տու»:
Շնորհիւ առաջին հրատարակիչին կողմէ սխալի մը` գիրքը երբեք չէ պաշտպանուած հեղինակի իրաւունքով, հետեւաբար շատ աժան գումարով վաճառուած է բազմաթիւ հրատարակիչներու: Իբրեւ արդիւնք` վաճառուած է շուրջ 30 միլիոն օրինակ, գիրքը դնելով երբեւիցէ ամէնէն աւելի լաւ վաճառուած գլխաւոր 50 հրատարակութիւններու շարքին:
Վէպը կարդացած էր նաեւ Ճէյնի Թինքլընպըրկ. պատանիներու առաջնորդ մը, որ կը ծառայէր Քալվըրիի (Միշիկըն) բարեկարգուած եկեղեցիին մէջ: Ան 1989-ին այս մասին պատմած էր իր գլխաւորած պատանիներու խումբին:
Թինքլընպըրկ մտածած էր իր պատանիներուն համար կարգախօսը տպագրել թի. շըրթերու վրայ: Սակայն այդ օրերուն նորաձեւութիւն էին բարեկամութեան իբրեւ խորհրդանիշ դրուող ապարանջանները, հետեւաբար ան տեղական ընկերութեան մը ապսպրած էր 300 ապարանջան: Թինքլընպըրկ նախընտրած էր անոնց վրայ տպել տալ WWJD սկզբնատառերը եւ պատանիներէն խնդրած էր, որ ապարանջանը կրէին 30 օր: Քաղաքին մէջ անմիջապէս այլ պատանիներ եւս փափաքած էին կրել զայն, եւ հարկ եղած էր ապսպրել շատ աւելի մեծ թիւով ապարանջաններ` նոյն սկզբնատառերով:
Ուրիշներ նկատած էին ուղղութեան շահաբեր կողմը եւ իրենց առեւտրական ախորժակներով` աւելի լայն տարածած էին նոյն սկզբնատառերով ապրանքներու վաճառքը: Երբ Թինքլընպըրկ փորձած էր զայն արձանագրել իբրեւ իր սեփական վաճառանիշը, արդէն շատ ուշ էր:
«Ի՞նչ պիտի ընէր Յիսուս» կամ` WWJD? կրնայ հաւատքի պարզ խորհրդանիշ մը ըլլալ:
Այսօր կը վաճառուին այս կարգախօսով տասնեակ միլիոնաւոր արտադրութիւններ: Թինքլընպըրկ եւ այն եկեղեցին, որուն կը պատկանի ան, նիւթական ոչ մէկ շահ ապահոված են իրենց յաջողութենէն, սակայն վստահաբար ուրախ են, որ տարածուած է այս խօսքը:
Քիչ մը արտասովոր է, որ կարգախօս մը ստանայ հարցումի ձեւ: Կարելի է յիշել նմանօրինակ քանի մը հարցումներ. «Ասիկա այսպէս է, դուն այսպէս չե՞ս», («Տի ինտիփենտընթ» թերթէն): «Ո՞ւր կ՛ուզէք երթալ այսօր» (Մայքրոսոֆթ ընկերութենէն), «Կը մտածէ՞ք այն, ինչ որ մենք կը մտածենք» (Պահպանողական կուսակցութեան 2005-ի ընտրապայքարէն):
Կը թուի, թէ հակասական առեղծուած մըն է, որ ամէնէն աւելի ժողովրդականութիւն վայելող այս հարցական կարգախօսը ծնունդ առած է Միացեալ Նահանգներու աւետարանական շրջանակներուն մէջ, զորս քննադատներ եւ ընդդիմադիրներ յաճախ չեն առնչեր լայնամիտ հարցադրումներու հետ:
Թերեւս քրիստոնէական հաւատքի նախապատրաստական «Ալֆա քորս» դասընթացքին նման, որ կը կրէ հարցման նշան մը` իբրեւ խորհրդանիշ, այս կարգախօսը ցոյց կու տայ, թէ կրօնը ամէնէն աւելի սերտօրէն կ՛առչուի մարդկութեան հետ, երբ կը դնէ հարցադրումներ, եւ ոչ թէ` կու տայ պատասխաններ:
Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսը վերջերս շեշտեց այս կէտը, երբ գրեց, որ թէեւ «ի՞նչ պիտի ընէր Յիսուս» լաւ հարցում մըն է, սակայն չի ներկայացներ դէպի հաւատք առաջնորդող պարզ ուղի մը:
«Քրիստոնեաներ չեն հաւատար, թէ Յիսուս ներկայ է` իբրեւ լաւ օրինակ ծառայելու համար մարդկային որեւէ կացութեան մէջ, զոր կարելի է երեւակայել», նշած է ան:
Ամերիկացի աւետարանական Քոնրատ Կեմֆ, որ Նոր Կտակարանը կը դասաւանդէ Լոնտոնի Աստուածաբանական դպրոցին մէջ, կ՛ըսէ, թէ որքան ալ բարի իմաստով գործածուի «ի՞նչ պիտի ընէր Յիսուս» հարցումը, անիկա ինքնին սխալ հարցում մըն է:
«Երբ Աստուածաշունչին մէջ կը տեսնենք, թէ կանուխ ժամանակներու եկեղեցին ի՛նչ ըրած է, կը նկատենք, թէ անիկա չէ ընդօրինակած Յիսուսը,- կ՛ըսէ ան:- Անիկա ըրած է այն, ինչ որ Յիսուս ըսած է, որ ընէ: Յիսուս կը խօսէր առակներով, իսկ առաքեալները` ոչ. անոնք կը քարոզէին Յիսուսի մասին եւ շեշտակի կ՛ըսէին ամէն ինչ: Անոնք չէին քալեր ջուրին վրայ: Յիսուս մեզի չէ ըսած, թէ ի՛նչ ըրած է, այլ մեզի խրատած է ընել աւելի մեծ բաներ»:
Հաւանական այլ հարցեր կը ծագին երեւութապէս պարզ այս հարցումէն: Արդեօք իրապէս կարելի՞ է գիտնալ, թէ ի՞նչ պիտի ընէր Յիսուս:
Առաջին դարու մովսիսական ատաղձագործի մը կեանքը, ուր մնաց` փրկիչի մը կեանքը, դժուար է բաղդատել այսօրուան արեւմուտքցի պատանիներուն կեանքին հետ: «Թերեւս Յիսուսի համար երբեք յարմար չէր աւագափող նուագել, սակայն թերեւս օր մը մենք կրնանք գտնուիլ այնպիսի վիճակի մը մէջ, երբ միայն ճիշդ կը թուի աւագափող նուագելը: Հետեւաբար հարցումը յիշեցնող ապարանջանը կրնայ մոլորեցնել մեզ», կը զգուշացնէ Կեմֆ:
Աւելի՛ն. Աստուածաշունչը շատ քիչ մանրամասնութիւններ կու տայ Յիսուսի առօրեայ կեանքին մասին: Հետեւաբար չենք գիտեր, թէ ան ի՛նչ կ՛ընէր` քարոզելու եւ հրաշքներ գործելու կողքին: Իսկ այն սակաւաթիւ տեղեկութիւնները, զորս Աստուածաշունչը կը փոխանցէ մեզի, կը զարմացնեն մեզ, որովհետեւ անսպասելի են. Յիսուս պոռնիկներու քով կ՛երթար եւ տաճարները գլխիվայր կը դարձնէր: Արդեօք եկեղեցական պատանեկան խումբերու առաջնորդներ պիտի ուզէի՞ն նման վարմունք մը քաջալերել:
«Եութուորք» թերթի խմբագիր Սարահ Ուինթըր կը նշէ, թէ «ի՞նչ պիտի ընէր Յիսուս» կարգախօսը իբրեւ հարցում միակ իմաստը չէ, որ կապուած է զայն ցոլացնող ապարանջաններուն:
«Պատանիներ կ՛որոնեն միջոցներ` ցոյց տալու համար, թէ իրենք կը պատկանին ուղղութեան մը,- կ՛ըսէ ան:- Թերեւս հանգիստ չեն զգար խօսելով իրենց հաւատալիքներուն մասին, սակայն կը փափաքին ձեւով մը ցուցադրել զանոնք: Անոնք կը կարծեն, թէ կրնան որոշ կեցուածք մը դրսեւորել` նման կարգախօս մը կրող ապարանջան մը կրելով»:
«Լաւը այն է, թէ այս կարգախօսը մարդիկը կը մղէ հարցականի տակ առնելու իրենց արարքները եւ այլ դիտանկիւնէ մօտենալու անոնց,- կ՛ըսէ Կեմֆ:- Շատեր երբեք հարցականի տակ չեն առներ իրենց արարքները: Սակայն ճիշդ հարցումը պիտի ըլլար` «ուա՞թ տիտ Կատ քրիէյթ մի թու տու» (Աստուած զիս ստեղծեց, որ ի՞նչ ընեմ):
Սակայն անշուշտ այս պարագային WDGCMTD? սկզբնատառերով լոզունք մը արդէն գրաւիչ չէ…:
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ



