ՏՕՆԱԿԱՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ՄԷՋ. ՎԷՃ` ՄԱՐԻԱՄԻ ԵՒ ՅՈՎՍԷՓԻ ՑՈՒՑԱՏԱԽՏԱԿԻՆ ՇՈՒՐՋ
ԵՐԳԻԾԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐՈՎ ՈՐՄԱԶԴԻՆ ՆՊԱՏԱԿՆ ԷՐ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ ՈՒՂՂԵԼ Ս. ԾՆՈՒՆԴԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՏԻՊԱՐՆԵՐՈՒՆ: ՍԱԿԱՅՆ ԱՆԻԿԱ ԴԱՐՁԱՒ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒՆ ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ ՎԻՐԱՒՈՐՈՂ ԵՐԵՒՈՅԹ ՄԸ: «ՊԻ.ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՏԵՂԵԿԱԳՐԷ.
Մեղաւոր վէճ մը ծագած է Նոր Զելանտայի մէջ, ուր անկլիքան եկեղեցի մը մարտահրաւէր ուղղած է նախատիպարներու` ցուցադրելով որմազդ մը Յիսուսի ծնունդին վերաբերեալ:
Որմազդը կը պատկերէ մերժուած Յովսէփ մը, որ անկողինին մէջ պառկած է Մարիամին կողքին: Ցուցատախտակին վրայ արձանագրուած գրութիւնը կ՛ըսէ. «Խե՜ղճ Յովսէփ: Դժուար է չափուիլ Աստուծոյ հետ»:
Օքլենտի մէջ Ս. Մաթէոս Քաղաքին Մէջ անունով եկեղեցին, ուր զետեղած է ցուցատախտակը, կը յայտարարէ, թէ անոր նպատակն էր բանավէճ մը ստեղծել:
Սակայն կաթողիկէ եկեղեցին, ինչպէս նաեւ այլ եկեղեցիներ որմազդը դատապարտած են իբրեւ «անպատշաճ» եւ «անարգական»:
Ցուցատախտակին բացումէն քանի մը ժամ ետք անիկա այլանդակուած էր սրճագոյն ներկով:
Եկեղեցիին անկլիքան առաջնորդը` Կլին Քարտի յայտարարած է, թէ ցուցատախտակին նպատակն էր ձաղկել Ս. Ծնունդի յղացումին բառացի մեկնաբանութիւնը:
«Կը փորձենք մարդիկը մղել, որ շատ աւելի մտածեն Ս. Ծնունդի իմաստին մասին», ըսած է ան Նոր Զելանտայի մամլոյ ընկերակցութեան:
«Արդեօք Ս. Ծնունդը կը վերաբերի արու Աստուծո՞յ մը, որ իր սերմը կ՛ուղարկէ երկիր, որպէսզի մանուկ մը ծնի, թէ` անիկա կը վերաբերի մեր մէջ սիրոյ ուժին, այնպէս ինչպէս յայտնուած է Յիսուսի ճամբով», հարց տուած է ան:
Քարտի յայտնած է, թէ իր գլխաւորած եկեղեցին ստացած է ե- նամակներ եւ հեռաձայններ` վիճելի պատկերին առնչութեամբ:
«Մեզի հետ կապ հաստատած անձերուն 50 առ հարիւրը կ՛ըսէր, թէ սիրած էր ցուցատախտակը, եւ շուրջ 50 առ հարիւրը կ՛ըսէր, թէ անիկա սարսափելի կերպով նախատական էր,- կ՛աւելցնէ ան:- Սակայն ընդհամէնը ստացած ենք շուրջ 20 հակազդեցութիւն: Ի վերջոյ կ՛ապրինք Նոր Զելանտայի մէջ»:
Սակայն Օքլենտի մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ թեմի բանբեր Լինտսէյ Ֆրիըր յայտարարած է, թէ որմազդը վիրաւորական էր քրիստոնեաներուն համար:
«Մեր 2000 տարուան քրիստոնէական աւանդութիւնը կ՛ըսէ, թէ Մարիամ կը մնայ կոյս, իսկ Յիսուս Աստուծոյ որդին է, եւ ո՛չ Յովսէփի, յայտնած է ան «Նիւ Զիլընտ հերըլտ» թերթին:- Նման որմազդ մը անպատշաճ է եւ անարգական»:
Ընտանեկան արժէքներու պաշտպան «Ֆեմըլի ֆըրսթ» կազմակերպութիւնը յայտարարած է, թէ կուսական ծնունդի վերաբերող որեւէ բանավէճ պէտք է կատարուի եկեղեցւոյ փակ դռներուն ետին:
«Փողոցին մէջ զետեղուած ցուցատախտակով մը մանուկներն ու ընտանիքները այս գաղափարին դէմ տրամադրելը ամբողջութեամբ անպատասխանատու եւ անտեղի արարք մըն է», կ՛ըսէ կազմակերպութեան գլխաւոր ներկայացուցիչը` Պոպ ՄքՔրոսքրի:
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ


