ՏՕՆԱԿԱՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ՄԷՋ. ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱ ՉԿԱՅ…
ՇԻՔԱԿՈՅԻ ՄԷՋ «ՖՈՔՍ ՆԻՈՒԶ» ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ԿԱՅԱՆԻՆ ՄԷԿ ՀԱՂՈՐԴԱՎԱՐԸ ՍՏԻՊՈՂԱԲԱՐ ՆԵՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԽՆԴՐԱԾ Է` «ՊԱՅԹԵՑՆԵԼԷ» ԵՏՔ ԱՅՆ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, ԹԷ ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԻ: «ՏԷՅԼԻ ՄԷՅԼ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԳԻՇԵՐՈՒԱՆ ԼՈՒՐԵՐԷՆ ԲԱՐՁՐԱՑԱԾ ՓՈԹՈՐԻԿԸ…
«Ֆոքս նիուզ»ի հաղորդավար Ռոպին Ռոպինսըն վերջերս գիշերուան ժամը 9:00-ի հաղորդումներէն խորհուրդ տուած է հազիւ խօսիլ սկսող մանուկներուն յայտնել իրականութիւնը, թէ` ո՛չ թէ Կաղանդ պապան, այլ իրենց ծնողները կու տան Ս. Ծննդեան նուէրները:
«Կաղանդ պապա գոյութիւն չունի», ըսած է Ռոպինսըն, որ մայր է, ներկայացնելէ ետք այն երեւոյթը, թէ ինչպէ՛ս շուկայի համալիրներու մէջ Կաղանդ պապաներ կը խուսափին գոհացում տալէ մանուկներու սուղ նուէրներու խնդրանքներուն:
«Կաղանդ պապան տօնական օրերու առատաձեռնութեան խորհրդանիշ մըն է: Կը նստինք անոր գիրկը եւ կը լուսանկարուինք: Սակայն ան ծխնելոյզէն չ՛իջներ, չի ճաշակեր իրեն համար դրուած կրկնեփուկները եւ ոչ մէկ բան կը բերէ ձեզի», ըսած է Ռոպինսըն:
Անոր ընկերակցող լուրերու հաղորդավարը` Ռոպ Սրիոթ միջամտած է` փրկելու համար կացութիւնը:
«Հէ՜յ, Էպընիզըր, ի՛նչ եղաւ քեզի», ըսած է Ռոպինսընի պաշտօնակիցը` ակնկարկելով Չարլ Տիքընզի Ս. Ծնունդի տօնական մթնոլորտէն խորշող ժլատ տիպարին:
Ծնողներու զայրոյթով լեցուն հակազդեցութիւններու տարափէն ետք Ռոպինսըն յաջորդ գիշեր բառերը կուլ տալով ներողութիւն խնդրեց իր «անպատասխանատու եւ անփափկանկատ» խօսքերուն համար, զորս արտասանած էր «խառն տարիքի ակնդիրներու դիմաց»:
«Ներողութիւն կը խնդրեմ բոլոր այն մանուկներէն եւ պատանիներէն, որոնց համար Ս. Ծնունդը կախարդական հրաշալիք մըն է,- ըսած է ան:- Երբեք դիտումնաւոր կերպով պիտի չքանդէի զայն»:
«Յառաջիկայ շաբաթ կրնաք գալ մեր գրասենեակը, եւ ես կրնամ ձեզի ցոյց տալ դէպի բեւեռ առաջնորդող գնացքը: Մի՛ դադրիք Կաղանդ պապային հաւատալէ», ըսած է Ռոպինսըն:
Ապա ան կարդացած է ակնդիրներու կողմէ իրեն ուղղուած զայրացական խօսքերը:
«Ռոպի՛ն, իրաւունք չունիս ԲՈԼՈՐԻՆ զաւակներուն ըսելու այս բոլորը», ըսած է անկնդիր մը: Իսկ ուրիշ մը պոռթկացած է` «ասիկա շատ սարսափելի է. զաւակս մեզի հետ կը հետեւէր լուրերուն, ինչպէս ամէն գիշեր»:
Այնուհետեւ Ռոպինսըն փողոցը քալող մարդոց հարցուցած է, թէ ի՞նչ էր իրենց կարծիքը իր կատարած բացայայտումին մասին:
«Ի՞նչ կրնաս ընել: Պարզապէս սխալ էր», ըսած է մարդ մը:
Սակայն այլ ակնդիր մը ըսած է. «Եթէ մեր զաւակները բաւական հասուն են` լսելու համար գիշերուան լուրերու հաղորդումները, ուր կը ներկայացուին սպանութիւններու, մանուկներու բռնաբարութեան առնչուող հետաքննութիւններու եւ փտածութեան հարցեր, ապա անոնք բաւական հասուն են` գիտնալու համար, թէ կարմիր հանդերձանքով այս մարդը երեւակայական տիպար մըն է»:
Աւելի կանուխ Նիւ Եորքի մէջ երկրորդ դասարանի ուսուցչուհի մը հարց ունեցած էր ծնողներու հետ, երբ իր աշակերտներուն յայտնած էր, թէ Կաղանդ պապա գոյութիւն չունի:
Աշխարհագրութեան դասապահին, երբ մանուկ մը Հիւսիսային բեւեռը մատնացոյց ընելով ըսած էր, թէ Կաղանդ պապան հոն կը բնակէր, ուսուցչուհին բացայայտած էր, թէ Կաղանդ պապան իրականութիւն չէր:
Միւս կողմէ` Բրիտանիոյ շուկաներուն մէջ Կաղանդ պապա մը լալու չափ յուզած էր 4 տարեկան աղջնակ մը, երբ խոժոռ արտայայտութեամբ մը յայտնած էր, թէ ան «մաս կը կազմէր չար մանուկներու ցանկին»: Մայրը հազիւ յաջողած էր փարատել իր աղջկան վիշտը` վստահեցնելով, թէ ան բարի մանուկ մըն էր, եւ թէ` Կաղանդ պապան նուէր պիտի բերէ՛ր իրեն:
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ