ԱԶԳ. «ՅԱՌԱՋ – Գ. ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ՔՈԼԵՃ. ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՆԱԽԱՃԱՇ` ԾՆՈՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ
Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» քոլԵճի Ծնողական խորհուրդի կազմակերպութեամբ, «Նապաա Այնճար» ճաշարանին մէջ, ուրբաթ, 25 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, տեղի ունեցաւ տարեկան աւանդական նախաճաշը, որուն ներկայ էին` ծնողներ, միութիւններու ներկայացուցիչներ ու հայրենակիցներ:
Ձեռնարկին բացումը կատարելով` Ծնողական խորհուրդի ատենապետ Աշխէն Գազանճեան կարեւոր նկատեց հայ վարժարանին գոյատեւումն ու յառաջընթացը` ի նպաստ հայ աշակերտին ուսման ու անոր հանգրուանային զարգացումին:
Ա. Գազանճեան զեկուցեց, որ նախորդ տարուան նախաճաշի հասոյթը, ինչպէս խոստացուած էր, ամբողջութեամբ յատկացուած է քոլեճի սրահի ջեռուցման արդիական համակարգի ապահովումին: Իսկ այս տարուան ճիգը պիտի յատկացուի մանկապարտէզի չորս դասարաններու լսատեսողական յաւելեալ սարքերու ապահովումին:
Աշխէն Գազանճեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն, ինչպէս նաեւ` վարժարանիս ձեռնարկը քաջալերող անհատներուն ու միութիւններուն, նշելով, որ միասնական ջանքերով կարելի կը դառնայ յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները:
Օրուան ձեռնարկը վարեց Ծնողական խորհուրդի անդամ Նայիրա Պաթուզեան, որ գեղեցիկ պահու մը նկարագրութեամբ գնահատեց այն անհատը, որ կ՛արժեւորէ ժամանակը:
Երկվայրկեանէն մինչեւ դար սուրացող ճանապարհը ժամանակներու գումարով ծնած արժէք մըն է, որուն երբեմն մարդիկ առիթ իսկ չեն ունենար անդրադարձ մը կատարելու: Առ այդ, Նայիրա Պաթուզեան ամփոփ տողերու մէջ ներկայացուց ժամանակի հետ կապուած իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն` համապատասխան անձին ուղղելու ժամանակի մասին հարցումը եւ ստանալու անոր արժեւորումը:
Ան իր խօսքի աւարտին ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց արժեւորելու ժամանակը, լաւապէս օգտուելու անոր ընձեռած առիթներէն, «որոնցմէ մէկը կը նկատուի այսօրուան մեր նախաճաշը` Ծնողական խորհուրդին կողմէ պատրաստուած ու սեղաններուն մատուցուած, նաեւ` մտերմիկ ու ջերմ մթնոլորտը, որ կը խանդավառէ բոլորս»:
Հայ երաժշտութիւնն ու պարը իւրայատուկ կշռոյթով հնչեցին նախաճաշի ընթացքին, մինչ վիճակահանութիւնն ու կատարուած նուիրատուութիւնները անպայմանօրէն սատար հանդիսացան կազմակերպիչներու նպատակի իրագործումին:
Վա՛րձքը կատար բոլորին…