ՊԵՏԱԿԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐ ԶՕՐ. ՓԱՆՈՍ ՄԱՆՃԵԱՆ` ԻՐ ՀԱՐԱԶԱՏ ԴՊՐՈՑԻՆ ՄԷՋ
Ընդառաջելով տնօրէնութեան հրաւէրին` քաղաքի Հայ աւետարանական քոլեճի 1971-ի շրջանաւարտ լիբանանեան բանակի հանգստեան կոչուած եւ Լիբանանի կառավարութեան մէջ պետական նախարար զօր. Փանոս Մանճեան 2 դեկտեմբեր, 2011-ին այցելեց քոլեճ եւ եղաւ ատենամարզանքի հիւրը:
Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկը սկսաւ լիբանանեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ, որմէ ետք դպրոցի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան ներկայացուց իր երբեմնի աշակերտ, օրուան հիւր, պետական նախարար զօր. Փանոս Մանճեանի կենսագրական գիծերը` յիշելով աւարտական տարուան անոր նշանաբանը` առնուած Սիամանթոյի խօսքերէն. « Կանգ մի՛ առներ սրաթռիչ երիվար, նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար»: Տնօրէնը հաստատեց, որ ան դժուարութիւններ յաղթահարելով` նուաճած է բարձունքներ: Ապա ան բեմ հրաւիրեց յարգելի հիւրը:
Զօր. Փանոս Մանճեան շնորհակալական խօսք ուղղեց Հայ աւետարանական քոլեճին եւ իր տնօրէին ու իր սրտի խօսքը փոխանցեց աշակերտներուն: Ապա ան հանգամանօրէն պատասխանեց օրուան հանդիսավար դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանի ուղղած հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին զինուորական բարձրագոյն կրթութեան, քաղաքական եւ զինուորական կեանքի փորձառութիւններու տարբերութեանց, պետական սպասարկութիւններու մէջ հայերու աշխատանքի կարելիութեան, Հայաստան – Լիբանան յարաբերութիւններուն եւ հայ դպրոցի կարեւորութեան: Նախարար Մանճեան նշեց, թէ ինք հպարտ է այս դպրոցէն շրջանաւարտ ըլլալուն համար եւ հաստատեց, որ հայ դպրոցի ճամբով կարելի է պետական բարձր պաշտօններու հասնիլ` օրինակ բերելով ինքզինք:
Ձեռնարկը աւարտեցաւ հանդիսավարին շնորհակալական եւ փակման խօսքով: