ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը ԼԵՎԱՄ-ի մրցաշարքերուն նախօրեակին այցելութիւն մը տուաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի, երեքշաբթի, 13 դեկտեմբեր 2011-ին:
Վերապատուելի Հայտոսթեան գնահատեց ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը ընդհանրապէս` շեշտելով ԼԵՎԱՄ-ի մրցաշարքերուն կարեւորութիւնը հայ աշակերտութեան համար, ինչպէս նաեւ` ազնիւ մրցակցութեան ոգիով ու բարի նախանձով լաւ արդիւնքներ արձանագրելու կարեւորութիւնը:
Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան վերահաստատեց Հայկազեան համալսարանի հովանաւորութիւնը ԼԵՎԱՄ-ի խաղերուն, ինչպէս նախորդ չորս տարիներուն:
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը փոխանցեց, թէ այս տարեշրջանին ԼԵՎԱՄ-ի մասնակցող վարժարաններու թիւը բարձրացած է 26-ի, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց վերապատուելի Հայտոսթեանին` անոր ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեան եւ ՀՄԸՄ-ի հանդէպ ունեցած իր համակրանքին համար:
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ