ԹՈՐՈՍ ՏԷՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ. ԼՈՒՍԱՆՑՔԻ ՎՐԱՅ ՄՆԱՑԱԾ ՏԱՂԱՆԴ ՄԸ
ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Շաբաթներ առաջ, երբ Փարիզէն նոր վերադարձած էի, Զաւէն Խտըշեանը հեռաձայնեց ու ափսոսանքով Թորոս Տէր Յակոբեանի մահուան գոյժը տուաւ: Ափսոսանքով նախ անոր համար, որ մեծ ու արժանաւոր արուեստագէտ մը առյաւէտ կը բաժնուէր մեզմէ` առանց կարենալ լիարժէք ձեւով դրսեւորուելու, եւ ապա անոր համար, որ Թորոսին մարմինը յանձնած էին հողին շատ անշուք ու անշշուկ կերպով, եւ Զաւէնն ու ընկերները լուրը առած էին թաղումէն օրեր ետք միայն: Ան անմիջապէս առաջարկեց, որ Թորոսին քառասունքին առիթով քանի մը յօդուածներ գրենք մենք` զինք ճանչցող իր ընկերներն ու բարեկամները, այսպիսով քիչ թէ շատ հանրութեան ծանօթացնենք զինք ու վեր առնենք անոր արժանիքները: Ի հարկէ անմիջապէս համաձայնեցայ եւ ըսի, որ Թորոս լուսանցքի վրայ մնացած տաղանդ մըն էր, հարկաւոր է, որ գնահատուի ու արժեւորուի իր բարձրորակ արուեստը: Զաւէն չհամաձայնեցաւ հետս` աւելցնելով, որ` «Թորոս չհասկցուած ու գնահատուած հանճար մըն էր»: Թորոսին հանճար ըլլալը թէեւ կրնայ վիճելի ըլլալ, սակայն անոր չհասկցուած ու չգնահատուած տաղանդ մը ըլլալը անվիճելի կը մնայ:
Մեր հանրային կեանքին մէջ Թորոս միակը չէ, որ այսպէս անշուք ու անշշուկ կերպով կը յանձնուի հողին, ունինք բազմաթիւ օրինակներ, սակայն յիշենք միայն մէկը` Ժան Դարբինեանը, պարզապէս անոր համար, որ ան եղած էր Թորոսի պոհեմական վրձնակից ընկերը, նոյնքան տաղանդաւոր ու արժանաւոր ըլլալով հանդերձ, իր ողջ կենդանութեան, ան երբեք չգնահատուեցաւ ու չարժեւորուեցաւ թէ` իբրեւ արուեստագէտ եւ թէ՛ իբրեւ մարդ: Մնաց թշուառ ու անտէր, սակայն` մի՛շտ հպարտ, արժանապատուութեան տէր ստեղծագործող մը:
Թորոս Տէր Յակոբեան իրաւունք ունէր ողբալու իր վրձնակից ընկերոջ անժամանակ ու անաղմուկ մեկնումը այս աշխարհէն: Ո՛չ Ժան Դարբինեան եւ ոչ ալ Թորոս Տէր Յակոբեան որեւէ շքանշանի եւ կամ պատուոյ գիրի արժանացան իրենց ստեղծագործական կեանքի ընթացքին, իրենց արուեստագէտի ինքնասիրութիւնը թոյլ չտուաւ ինքնափողահարման ու ինքնածանուցման, սակայն երկուքն ալ ստեղծեցին մնայուն արժէք ներկայացնող արուեստի գործեր, որոնք անկասկած որ պիտի գնահատուին ու արժեւորուին, երբ անդին շքանշաններու տէր բազմաթիւ ուրիշներու արուեստը պիտի խամրի ու մղուի դէպի լուսանցք, հետեւաբար նաեւ` դէպի մոռացութեան գիրկը: Թորոս գիտէր այս ճշմարտութիւնը, կը հաւատար իր արուեստի ուժին ու վստահ էր, որ օր մը պիտի արժեւորուի ու գնահատուին` թէ՛ ինք ու թէ՛ իր վրձնակից ընկերը` Ժան Դարբինեան:
Այնուամենայնիւ, 1982-ին Սըրսոք թանգարանի մէջ կայացած ջրանկարչութեան մրցոյթ- ցուցահանդէսին առաջին մրցանակը շնորհուեցաւ Թորոս Տէր Յակոբեանին ու այս առիթով Ժոզեֆ Թարրապ անոր մասին գրեց հետեւեալը. «Բոլոր ջրանկարները, բացի Թորոս Տէր Յակոբեանի գործերէն, մեծ բան չեն արժեր»:
Այո՛, Թորոս Տէր Յակոբեան արժանի էր մրցանակի, որովհետեւ միայն իր գործերը մեծ բան կ՛արժէին:
Պատահական չէր կրնար ըլլալ այս մէկը, որովհետեւ Թորոս Տէր Յակոբեան իսկապէս քանքարաւոր ջրանկարիչ մըն էր, հակառակ անոր որ ան ստորագրած է նաեւ բազմաթիւ գործեր, որոնք սկսնակի մը մակարդակը կը յիշեցնեն: Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս տեղի ունեցած է այս հակասութիւնը:
Հոգեվերլուծաբանները կը վկայեն, թէ հանճարի եւ ապուշի սահմանագիծը ընդամէնը բարակ մազ մըն է: Թորոս իր ստեղծագործական կեանքին ընթացքին կը դեգերէր սահմանագիծին վրայ, մերթ միտքը կը պայծառանար եւ կը բարձրանար ու կը մտնէր հանճարի ոլորտները, ու մերթ միտքը կը մթագնէր ու կ՛իջնէր ապուշութեան անդունդը: Երբեմն անոր միտքը կը փայլատակէր, կը սկսէր փիլիսոփայական կեանքի ու արուեստի մասին խօսիլ, հրաշալի վերլուծումներ կ՛ընէր` իր արուեստը համեմատելով Փոլ Սեզանի, իսկ կեանքը` Վան Կոկի հետ: Իսկ յաճախ ալ դատողութիւնը կը խանգարուէր ու խօսքը կը դառնար անիմաստ, անորոշ եւ նոյնիսկ զուարճալի: Շատեր խենթի տեղ կը դնէին Թորոսը ու մինչեւ օրս անոր անունը կը յիշեն քմծիծաղով, որովհետեւ անոնք հանդիպած են անոր իր մթագնած մտքի պահերուն:
Այս երկու յստակ անհատականութիւնները կը կենակցէին Թորոսի մէջ, հանճարն ու ապուշը, եթէ կարելի է այսպէս անուանել զանոնք: Այս երեւոյթը ոչ միայն բացատրութեան, այլ նաեւ յատուկ հոգեվերլուծութեան կը կարօտի: Թորոսի կեանքին մէջ կան պահեր, որոնց մասին չէինք կրնար խօսիլ իր կենդանութեանը, նուրբ ու խիստ անձնական դէպքեր ու հարցեր են, որոնք սակայն լոյս կը սփռեն իր ոչ բնական ստեղծագործական վիճակին վրայ ու կը բացայայտեն անոր բարդոյթներուն ու նախապաշարումներուն դրդապատճառները: Լաւի եւ վատի, դրականի եւ ժխտականի, լաւատեսութեան ու յոռետեսութեան, եւ ի վերջոյ հանճարի եւ ապուշի հակասական վիճակը կը տառապեցնէր ու կը տանջէր անոր միտքն ու հոգին եւ զինք կ՛առաջնորդէր մերթ դէպի անսահման բարութեան ու մերթ դէպի ծայրայեղ չարութեան:
Թորոս յաճախած ըլլալով Մխիթարեաններու վարժարանը, կը խօսէր մաքուր հայերէն ու լաւապէս կը տիրապետէր նաեւ ֆրանսերէնի: Ան մոլեռանդ ընթերցող մըն էր, ունէր հզօր երեւակայութիւն, հրաշալի գունազգացողութիւն, բարձր ճաշակ ու համարձակ վրձնահարուածներ:
Թորոս կենսասէր էր ու շռայլող: Միեւնոյն ատեն կը հաւատար հոգեւոր արժէքներու, որոնք մնայուն էին իրեն համար: Իրեն համար մահը սկիզբ մըն էր եւ ոչ թէ վերջ մը, որովհետեւ կը հաւատար անդենական կեանքին, որուն կը սպասէր եւ ուր հանգիստ պիտի գտնէր իր այնքան անհանդարտ, բարդ ու տանջուած հոգին:
Ահա թէ ինչո՛ւ վերջին տարիներուն հրաժարեցաւ ստեղծագործելէ, նուիրուեցաւ Աստուծոյ խօսքը տարածելու սրբազան առաքելութեան` երբեք չհրաժարելով սակայն աշխարհիկ կեանքէ: Ան կ՛ապրէր ներկայի մէջ ու կը պատրաստուէր անդենական կեանքի:
Այս հակասական համոզումներով Թորոս մեկնեցաւ այս աշխարհէն` անձայն ու անաղմուկ, ոեւէ մէկուն դոյզն նեղութիւն իսկ չպատճառելով:
Թէ՛ մեզի` իր ընկերներուն եւ թէ՛ մշակութային մեր միութիւններու եւ նոյնիսկ հայրենի պետականութեան պարտքն ու պարտականութիւնն է Թորոսի նման մեծութիւններու բացայայտումն ու վերարժեւորումը: Այսօր տարբեր չէ մեր կարծիքը իր մասին:
Նոյն համոզումով կը վերահաստատենք հետեւեալը:
Իր անցեալը կը յիշէ գեղագիտական հրճուանքով եւ հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ: Կը յիշէ մասնաւորաբար այն պահերը, երբ մանկական մաքրամաքուր եւ տարերային մղումով հոգին կը խայտար եւ կը լիցքաւորուէր բնութեան կազդուրիչ գեղեցկութեամբ:
Ան իր անդաւաճան երեւակայութեամբ կը վերակերտէ յիշատակները ու արբենալէ ետք անոնց դիւթական քաղցրութեամբ, ներքին աչքերով կը դիտէ լուսաստուերի եւ նրբերանգներու խաղերով օժտուած բնութեան տարբեր պահերն ու վիճակները: Առանց աւելորդ մանրամասնութիւններու` անխառն խանդաղատանքով կը պատկերէ իր մէջ վերայառնած բնութիւնը: Անոր գեղանկարներուն մէջ կը զգացուի նոյնիսկ թարմաբոյր օդի թովչանքը, գունագեղ լոյսի ջերմութիւնը եւ կամ` կենսալից ժպիտն ու դողը նրբազգաց ծաղիկներուն:
Իրենց ջերմ ու թովիչ արտայայտչականութեամբ Թորոսի ջրանկարներէն շատեր ունակութիւնը ունին ամոքելու վիրաւորուած սրտերն ու զովացնելու տաղուած հոգիները, իսկ ուրիշներ իրենց կրքոտ ու տրամաթիք վիճակներով կրնան խռովել խաղաղ ու հանգիստ հոգիներու անդորրութիւնը: Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ ան մէկ կողմէ իր բանաստեղծականութեամբ վերանորոգուած տպաւորապաշտ մըն է, իսկ միւս կողմէ` իր ներքին լարուածութեամբ ժամանակակից «ֆովիստ» մը:
Այս զգայուն եւ տաղանդաւոր արուեստագէտը բնութիւնը կը դիտէ ոչ թէ դուրսէն, այլ կ՛ապրի զայն ներսէն: Փիլիսոփայական ըմբռնումով «պանթէիստ» մը չէ ան, այլ գեղեցիկի բիւրեղ զգացողութեամբ կը մերուի բնութեան, նիւթապաշտութենէ հեռու Պանի պէս, որուն բնապաշտպանութիւնը տոգորուած է անմնացորդ անկեղծութեամբ եւ հոգեւոր մարդասիրութեամբ:



