ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆ ՄԸ ԻՐԱՆԸ ՄԵՂՍԱԿԻՑ ԿԸ ՆԿԱՏԷ 11 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԵԱՆ

11 սեպտեմբերի ահաբեկչական արարքը

Ամերիկեան ազդեցիկ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ 11 սեպտեմբեր 2001-ին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան զոհերու ընտանիքներուն շահերը ներկայացնող փաստաբանները շահած են Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի, լիբանանեան Հըզպալլա կուսակցութեան, Քայիտա միջազգային ահաբեկչական ցանցի եւ իսլամական Թալեպան շարժումին դէմ իրենց յարուցած դատը:

Մանհաթընի դաշնակցային դատարանը ընդունած է ահաբեկիչներուն օգնելու հարցին մէջ այաթոլլա Ալի Խամենէիի, Հըզպալլայի, Քայիտայի եւ Թալեպան շարժումին մեղքը:

Հայցուորները պնդած են, որ Իրանի հոգեւոր իշխանութիւնը Միացեալ Նահանգներու դէմ իր պայքարին մէջ Քայիտայի հետ համագործակցած է եւ ահաբեկիչներուն օգնած:

11 սեպտեմբերի ահաբեկչութիւնը 2974 զոհ պատճառած էր: Ահաբեկչութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնած էր Քայիտան:

 

Share this Article
CATEGORIES