ՖԻԼԻՓԵԱՆ ԿՂԶԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՈՂՈՂՈՒՄԻ ԵՒ ՀՈՂԻ ՍԱՀԱՆՔԻ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ԹԻՒԸ ԿԸ ԲԱՐՁՐԱՆԱՅ

Ողողումին եւ հողային սահանքներուն պատճառած աւերը

Ֆիլիփեան կարմիր խաչը կը հաղորդէ, որ Հարաւային Ֆիլիփեանները հարուածած ողողումներէն եւ հողի սահանքներէն վերապրողներու փնտռտուքը կը շարունակուի, մինչ զոհերուն թիւը բարձրացած է աւելի քան վեց հարիւրի: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, զոհերուն թիւը կը հասնի մինչեւ 800-ի: Հարիւրաւոր անձերու ճակատագիրը կը շարունակէ անյայտ մնալ:

Ուրբաթ օր Մինտանաու կղզին հարուածած արեւադարձային փոթորիկին պատճառով գիւղեր եւ քաղաքներ քանդուեցան: Զոհերուն մեծամասնութիւնը Քակայան տէ Օրօ եւ Լլիկան ծովեզերեայ քաղաքներէն են:

Ըստ կառավարութեան, հարիւր հազար անձեր տեղահան դարձած են: Օդերեւոյթի ազգային գրասենեակը երեք օր առաջ զգուշացում մը հրապարակած էր, սակայն շրջանի բնակիչները անտեսած էին զայն:

Այսպիսի փոթորիկներ հազուադէպ կերպով կը հարուածեն Ֆիլիփեան կղզիներու այս շրջանը: Մինչ իւրաքանչիւր տարի միջին թիւով քսան նմանօրինակ փոթորիկներ կը հարուածեն հարաւարեւելեան Ասիոյ այս երկիրը:

 

Share this Article
CATEGORIES