ՎԱՑԼԱՒ ՀԱՒԵԼ ՈՉ ԵՒՍ Է
Չեխ այլախոհ թատերագիր եւ յետխորհրդային Չեխիոյ առաջին նախագահ Վացլաւ Հաւել երէկ առաւօտ կնքեց իր մահկանացուն:
75-ամեայ Հաւել 1979-էն մինչեւ 1984 համայնավարական բանտի մը մէջ իր հնգամեայ արգելափակման պատճառով երկար ատենէ ի վեր առողջական հարցեր կը դիմագրաւէր:
Հաւել Չեխիոյ ընդդիմութեան 1989-ի «Մանիշակագոյն յեղափոխութիւն» շարժումին մարմնաւորումն էր:
CATEGORIES Միջազգային