ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐԸ ԵՐՐՈՐԴ ՕՐՆ ԸԼԼԱԼՈՎ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԵՑԱՆ

Եգիպտոսի արխիւներու հիմնարկը` հրկիզման պահուն

Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ երրորդ օրն ըլլալով ցուցարարներուն եւ ապահովական ուժերուն միջեւ բախումներ տեղի ունեցան: Բախումներուն պատճառով առնուազն ութ զոհ ու հարիւրաւոր վիրաւորներ արձանագրուեցան եւ շէնքեր հրկիզուեցան:

Հրկիզուող շէնքերուն շարքին էր Եգիպտոսի արխիւներու հիմնարկը, ուր աւելի քան 200-ամեայ արժէքաւոր ազգային արխիւներ հրկիզուեցան` այդպիսով վերջ տալով 160 գիտնականներու 17-ամեայ աշխատանքին:

Բռնարարքները ստուերի տակ առին փետրուարին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի իշխանութենէն հեռացումէն ետք երկրին խորհրդարանական առաջին ընտրութիւնները: Ցուցարարները կը պահանջեն Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդի իշխանութենէն հեռացումը:

Միւս կողմէ, Իսրայէլին եւ Յորդանանին եգիպտական բնական կազ մատակարարող խողովակաշարը կիրակի առաւօտ հերթական յարձակումի ենթարկուեցաւ:

Ապահովական աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ խողովակաշարին վրայ հրդեհ չէ ծագած, որովհետեւ Հիւսիսային Սինայէն անցնող գիծի բանեցումը արդէն դադրեցուած էր:

 

Share this Article
CATEGORIES